
Խորհրդարանը երէկ վեցերորդ անգամն ըլլալով Նեպիհ Պըրրին ընտրեց իր նախագահը:
26 տարիէ ի վեր խորհրդարանի նախագահի պաշտօնը վարող Պըրրի երէկ 98 թեր, 29 ձեռնպահ եւ 1 չեղեալ նկատուած քուէներով վերընտրուեցաւ` ներկայութեամբ 128 երեսփոխաններու:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքի 14 երեսփոխաններ, որոնց միացան նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան 3 երեսփոխաններն ու Հզօր Լիբանան համախմբումի 12 երեսփոխաններ, սպիտակ քուէներով մասնակցեցան խորհրդարանի նախագահի ընտրութեան, իսկ Փոլա Եագուպեան նիստին ընթացքին քուէարկեց ի նպաստ Նատին Լապաքիի, ինչ որ պատճառ դարձաւ անոր քուէն չեղեալ նկատելու:
Նշենք, որ նախքան Պըրրիի ընտրութիւնը, խորհրդարանը իր նիստը գումարեց նախագահութեամբ իր երիցագոյն անդամին` երեսփոխան Միշել Մըրի, որուն ընդհանուր քարտուղարներու դերակատարութեամբ օժանդակեցին խորհրդարանի կրտսերագոյն անդամները` Թոնի Ֆրենժիէ եւ Սամի Ֆաթֆաթ:
Այս առիթով Մըր մեծապէս գնահատեց Պըրրիի իմաստութիւնը, հայրենասիրութիւնը, քաջութիւնը եւ չափաւորականութիւնը` 1992-էն ի վեր գումարուող խորհրդարանի նիստերուն նախագահելու առումով:
Մըր նշեց, թէ Պըրրի վտանգներուն դիմադրող կշիռքն է, որ կը հաւասարակշռէ Լիբանանի դէմ նիւթուող իւրաքանչիւր վտանգ: «Ան կը պահպանէ Լիբանանի ազգային միասնականութիւնն ու ազգային համերաշխութիւնը` արգիլելով լիբանանցիներուն միջեւ ծագող ամէն տեսակի սադրանք», ըսաւ ան:
Պըրրի իր ընտրութենէն ետք ուղղուեցաւ վերստանձնելու խորհրդարանի նախագահի իր աթոռը եւ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ դրուատեց խորհրդարանին դերակատարութիւնը եւ անոր մնայուն ներկայութիւնը` դիմագրաւելու ամէն տեսակի ահաբեկչական մարտահրաւէր, որ կը սպառնայ Լիբանանին:
Պըրրի ընդգծեց, որ լիբանանեան խորհրդարանը կը կատարէ իր ազգային դերակատարութիւնը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է, որ խորհրդարանը աւելի եւս աշխուժանայ ելեւմտական մարզի բարգաւաճման, փտածութեան դէմ պայքարի, ինչպէս նաեւ նաւթի մարզին ու վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեամբ գործելու վերաբերող հարցերուն քննարկման մէջ:
Պըրրի շեշտեց, որ խորհրդարանի առաջին պարտականութիւնը պիտի ըլլայ պահպանել երկրին սահմանադրութիւնն ու ազգային միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ մերժել բնակեցումը եւ յանձնառու մնալ Լիբանանի ցամաքային, ծովային եւ օդային սահմաններուն գերիշխանութեան:
Պըրրի հաստատեց նաեւ Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւններուն դէմ իբրեւ ժողովուրդ, բանակ եւ Դիմադրութիւն պայքարելու անհրաժեշտութիւնը:
Ապա տեղի ունեցաւ խորհրդարանի փոխնախագահի ընտրութիւն: Այս պաշտօնին համար առաջադրուած երկու թեկնածուներն էին երեսփոխաններ Էլի Ֆըրզլի եւ Անիս Նասսար:
Քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք Ֆըրզլի 80 թեր քուէներով դարձաւ խորհրդարանի փոխնախագահ, մինչդեռ Նասսար ստացաւ 32 թեր քուէ, իսկ երեսփոխան Նիքոլա Նահհաս` 4 քուէ, առանց թեկնածութիւն առաջադրելու:
Ապա տեղի ունեցաւ երկու ընդհանուր քարտուղարներու ընտրութիւն: Այս պաշտօններուն համար առաջադրուած էր երեք երեսփոխաններու թեկնածութիւն` Ալեն Աուն, Մարուան Համատէ եւ Ըսթֆեն Տուէյհի:
Խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղարներ ընտրուեցան Ալեն Աուն` 84 քուէով, Համատէ` 76 քուէով, մինչդեռ Տուէյհի ստացաւ 42 թեր քուէ:
Խորհրդարանի դիւանի անդամ ընտրուեցան նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Սամիր Ժսըր եւ Միշել Մուսա, մրցակիցի չգոյութեան պատճառով:
Պաապտայի Մէջ
Ընտրութիւններէն ետք Պըրրի, Ֆըրզլի եւ խորհրդարանի նորընտիր դիւանը խորհրդարանին մէջ շնորհաւորութիւններ ընդունեցին, ապա Պըրրի ուղղուեցաւ նախագահական պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ:
Իշխանութեան պետերու հանդիպումին միացաւ նաեւ խորհրդարանի դիւանը:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն մաղթեց, որ նորընտիր խորհրդարանը արդիւնաւէտ աշխատանք ունենայ օրէնսդրական եւ վերահսկողութեան առումով` գոհ պահելով լիբանանցիները, որոնք կը ձգտին իրենց յոյսերը իրականացած տեսնել` սահմանադրական հաստատութիւններուն ընդմէջէն:
Նախագահ Աուն յաջողութիւն մաղթեց Պըրրիին, Ֆըրզլիին եւ դիւանին:
Հանդիպումէն ետք Պըրրի յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ որոշած են վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները արագացնել, «հետեւաբար այդ խորհրդակցութիւնները վաղն իսկ (այսօր, «Ա.») պիտի կատարուին», ըսաւ ան:
Նախագահական պալատէն ետք Պըրրի ուղղուեցաւ Այն Թինէ, ուր ընդունուեցաւ ժողովրդային տօնախմբութեամբ, ոչխարներու զենումով եւ հրավառութեամբ:






