Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստանի մարզպետներու կազմը ամբողջութեամբ պիտի փոխուի: Նիկոլ Փաշինեան այս յայտարարութիւնը կատարեց Հայաստանի նախագահական նստավայրին մէջ կառավարութեան անդամներու երդմնակալութեան արարողութենէն ետք լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին: «Կը կարծեմ, որ մարզպետներու կազմը ամբողջութեամբ պիտի փոխուի», նշեց Փաշինեան:
Անդրադառնալով Յատուկ քննչական ծառայութեան եւ քննչական կոմիտէի ղեկավարներու փոփոխութեան կարելիութեան` Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ այդ հարցին մէջ օրէնսդրական խնդիրներ կան: «Մենք այդ հարցերը օրէնքի ծիրին մէջ պիտի դիտարկենք», ըսաւ Փաշինեան: