Երէկ, հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:
Նախարարները շնորհաւորեցին զիրար այդ պաշտօններուն վրայ նշանակուելու եւ վերանշանակուելու առիթով` վերահաստատելով Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններու յաւելեալ ընդարձակման եւ խորացման շարունակականութեան ուղղութեամբ շահագրգռուածութիւնը:
Կողմերը կարեւոր նկատեցին 14 մայիսին Սոչիի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ տեղի ունեցած բովանդակային երկխօսութիւնը:
Նախարարները քննարկեցին երկկողմ եւ բազմակողմ մակարդակներով փոխադարձ գործակցութեան առնչուող հարցեր, շրջանային եւ միջազգային խնդիրներ:
Հայ-ռուսական յարաբերութիւնները յառաջ մղելու եւ հրատապ հարցերու աւելի հանգամանալից քննարկման նպատակով Զոհրապ Մնացականեան ընդունեց մօտիկ ապագային Մոսկուա այցելելու Ս. Լաւրովի հրաւէրը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը բարձր գնահատեց Ռուսիոյ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ միւս երկիրներու` Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ գործադրուող ջանքերը Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ: Այս ծիրին մէջ Զոհրապ Մնացականեան վերահաստատեց Հայաստանի յանձնառութիւնը արցախեան հիմնախնդիրի բացառապէս խաղաղ լուծման` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ: Ան ընդգծեց, որ հոլովոյթին յաջողութեան համար կարեւոր է խաղաղութեան միտուած մթնոլորտի գոյութիւնը:



