Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Հայրենի Գեղանկարիչ Յաղթանակ Շահումեանի «Ցնորք Եւ Իրականութիւն» Ցուցահանդէսի Բացում

June 15, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Կարօ եւ Ռիթա Սալխանեան ամոլին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, երէկ` հինգշաբթի, 14 յունիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ Յաղթանակ Շահումեանի (Յաղթօ) «Ցնորք եւ իրականութիւն» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին բացումը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի եւ արուեստասէր բազմութեան:

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան ողջունելէ ետք ներկաները, պատիւ նկատեց ցուցասրահին մէջ հիւրընկալել հայրենի վաստակաւոր ժողովրդական արուեստագէտ Յաղթանակ Շահումեանը: Ան նկատել տուաւ, որ Շահումեանի համար արուեստը ամբողջական ապրում է, կեանք է, նաեւ այդ ճամբով իր պայքարն է յանուն արդարութեան, գեղեցիկին, վսեմին եւ բարձրին: «Կարելի չէ Շահումեանի արուեստը եւ իր մտաւորական յատկութիւնները տարանջատել իրարմէ, որովհետեւ ինք արուեստագէտի իր տաղանդին կողքին, նաեւ տագնապող մտաւորական է համամարդկային եւ մանաւանդ ազգային հիմնախնդիրներով», ըսաւ Հաւաթեան` աւելցնելով, որ ատիկա Շահումեանի արուեստին նոր թռիչք տուած է, եւ մենք պատեհութիւնը ունեցանք իր պրիսմակէն բաժին մը ցուցադրելու, սակայն եթէ այցելենք իր արհեստանոցը, այդտեղ պիտի գտնենք զանազան ստեղծագործութիւններ, որոնք կ՛արծարծեն Հայոց ցեղասպանութեան, անկախութեան, պետականութեան եւ պայքարի նիւթերը: Հաւաթեան յաջողութիւն մաղթեց արուեստագէտին, որովհետեւ անոր յաջողութեամբ մեր մշակոյթը պանծալի կը դառնայ: «Վստահ ենք, որ իր արծարծած մտահոգութիւնները այսօրուան մշակութային բնագաւառի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն գծով, իրենց արձագանգը կ՛ունենան մօտիկ ապագային, եւ մեր մշակոյթը առաւել եւս կը դառնայ ուշադրութեան եւ հոգածութեան կեդրոն մեր պետականութեան եւ մեր համահայկական միջավայրին կողմէ», հաստատեց Յակոբ Հաւաթեան:

Շարունակելով իր խօսքը` ան նկատել տուաւ, որ մշակութային գործը եւ առաքելութիւնը նուիրում, հաճոյք եւ հոգեկան գոհունակութիւն է, որ սակայն պէտք է ունենայ աջակցութիւն` շեշտելով, որ մշակոյթը չ՛ապրիր առանց ժողովուրդի: Հաւաթեան գոհունակութիւն յայտնեց, որ իբրեւ Համազգային հայ մշակութային եւ կրթական միութիւն, անցնող տարիներուն, յատկապէս Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, Հայաստան – Լիբանան մշակութային յարաբերութիւններու սերտացման գծով ծաւալած գործին մէջ ունեցած են քաջալերող դեր, նիւթապէս եւ բարոյապէս իրենց կողքին կանգնող բարեկամներ եւ համազգայնականներ, առանց որոնց պիտի չկարենային իրականացնել մշակութային հարթակի վրայ Հայաստան – Լիբանան համագործակցութեան իմաստով ստեղծուած ամուր կամուրջը: Ան շնորհակալական եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Կարօ եւ Ռիթա Սալխանեան ամոլին, որոնք մեր գաղութային կեանքին մէջ մշակոյթը քաջալերող ընտանիք են:

Հայրենի արուեստագէտ Յաղթանակ Շահումեան իր սիրտի խօսքին մէջ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Յակոբ Հաւաթեանին` զինք ներկայացնելուն համար: Ան նկատել տուաւ, որ մեր ժողովուրդը 100-ամեակներ շարունակ իր պետականութիւնը չունենալուն պատճառով տարածուած է աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ եւ իր ինքնութիւնը պահպանած է իր մշակոյթով` ընտանիք, եկեղեցի, երկիրը վերականգնելու յոյս եւ հաւատք: Ան յայտնեց, որ Լիբանանը կոչուած է արեւելքի Փարիզը, եւ մեր ժողովուրդը մեծ ներդրում ունեցած է Լիբանանի բարգաւաճման հոլովոյթին մէջ` աւելցնելով, որ հայը ո՛ւր որ գտնուած է, իր ստեղծագործութեամբ եւ մշակոյթով աջակից եղած է երկիրներու ստեղծման եւ կառուցման: Շահումեան նկատել տուաւ, որ ցուցադրուած պաստառները  40-50 տարուան իր աշխատանքի արգասիքն են, եւ եզակի առիթ նկատեց սոյն ցուցահանդէսով մասնակից եւ աջակից ըլլալ Համազգայինին, որ տասնամեակներ շարունակ աշխարհի զանազան ծագերուն աջակից եղած է հայ մշակոյթի տարածման եւ մինչեւ օրս այդ աշխատանքը կը տանի պատիւով ու մեր ազգին վայել կեցուածքով:

Այնուհետեւ գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Գրիգոր Ալոզեանի, ապա ներկաները վայելեցին ցուցադրուած 32 պաստառները:

Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 30 յունիս եւ բաց է ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30:

 

 

Նախորդը

Մի Թիւրիմացութեան Առիթով

Յաջորդը

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.