Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեկնարկային Իրադարձութիւն` Աջակցելով Լիբանանի Առաջնային Եւ Երկրորդական Առողջապահական Մարզին

June 14, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութիւնը յատուկ համաձայնագիրով առողջապահական նիւթական մեծ օժանդակութիւն տրամադրած է Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան, Միջազգային բժշկական մարմինին եւ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն գործակալութեան (UNHCR):

Չորեքշաբթի, 13 յունիս 2018-ին առաւօտեան ժամը 9:00-ին, հովանաւորութեամբ Եւրոպական Միութեան, այս համաձայնագիրի պաշտօնական յայտարարութիւնը կատարուեցաւ եւ անոր մեկնարկը տրուեցաւ Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութենէն:

Այս առիթով Հ. Գարակէօզեանի մէջ համախմբուեցան Լիբանանի առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, կիներու հարցերու նախարարի ներկայացուցիչ Ռանտա Եասիր, ընկերային ծառայութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Զահի Հայպի, Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասըն, Միջազգային բժշկական մարմինի (International Medical Corps) Լիբանանի տնօրէն Էտուարտ Չան, UNHCR-ի ներկայացուցիչ Միրէյ Ժիրարտ, «Օթել տիօ» մանկաբուժական բաժանմունքի պետ տոքթ. Պերնար Ժըրպէյա,  ինչպէս նաեւ տեղական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու տնօրէններ եւ ներկայացուցիչներ:

Պաշտօնական բացումը սկսաւ Լիբանանի քայլերգով, եւ բացման խօսքը արտասանեց  հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Եւրոպական Միութեան որոշումով համաձայնագիրի պաշտօնական յայտարարութիւնը Գարակէօզեան հաստատութենէն կատարելու քայլին համար, որովհետեւ այս մէկը ապացոյց է հաստատութեան նկատմամբ առկայ մեծ վստահութեան: Ան նաեւ ըսաւ, որ մենք ականատես կ՛ըլլանք  այդ բոլոր դերակատարներու համագործակցութեան եւ համարկումին` մէկ վայրի մէջ Լիբանանի ժողովուրդին, գաղթականներուն եւ տեղական համայնքի անդամներուն մատուցելու լաւագոյն առողջապահական ծառայութիւն:

Ապա հերթաբար խօսք առին Միջազգային բժշկական մարմինի Լիբանանի տնօրէն Էտուարտ Չան, UNHCR-ի ներկայացուցիչ Միրէյ Ժիրարտ, Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասըն եւ Լիբանանի առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի:

Աւարտին հիւրերը` գլխաւորութեամբ հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանի, շրջագայեցան հաստատութեան մանկաբուժական, պատուաստներու, կանանց հիւանդութեան, քրոնիկ հիւանդութեան ու դեղարաններու բաժանմունքները եւ մանրամասնօրէն տեղեկացան իւրաքանչիւր բաժանմունքի աշխատելաձեւին մասին, ինչպէս նաեւ կարճ զրոյցներ ունեցան գործող բժիշկներուն, հիւանդապահուհիներուն եւ պարագաներուն հետ:

 

Նախորդը

Հայաստան 1988-2018

Յաջորդը

Սլաք. Հալածախտի Երեւոյթ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.