Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակի Ս. Պատարագ` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. «Ազգային Պահանջատիրութիւնը Անբաժան Մասը Կը Կազմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Առաքելութեան» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ոգեկոչուեցաւ սուրբ պատարագով, որ մատուցեց Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, եւ որուն երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը: Ոգեկոչման ներկայ էին մայրավանք հասած հայ թէ օտար ուխտաւորներ, պետական նախարարներ, երեսփոխաններ, հայկական երեք կուսակցութիւններու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ուխտաւորներու հոծ բազմութիւն մը: Յաւարտ Ս. պատարագին, նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին,...



















