Ժամանակաւոր, համաձայնութեան կառավարութեան արտակարգ նիստին, երբ «Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին» հարցը կը քննարկուէր, Արտակարգ իրավիճակներու նախարար, «Ծառուկեան» դաշինքի կողմէ նախարարութիւնը ստանձնած Հրաչեայ Ռոստոմեանը եւս իր դիրքորոշումը յայտնեց` նշելով, որ վարչապետին հետ առաջին հանդիպումին ան ըսած է, որ իրենք խմբային աշխատանքով պէտք է շարժին, եւ ատիկա իրենց համար լուրջ յորդոր էր եւ թիրախ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ պէտք չէ այլ պարունակ տալ քննարկումին: «Ես կը կարծեմ` յստակ արտայայտուեցայ, բոլորիս դիրքորոշումները պարզ են, հասկնալի են», ըսաւ ան:
Արձագանգեց Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար, ՀՅԴ-ի կողմէ նշանակուած Արծուիկ Մինասեանը` դիտել տալով, որ այս հարցը կառավարութեան առջեւ դրուած դժուար լուծելի հարցերէն է: Ան նշեց, որ դէմ չեն տրուող լուծման: «Պահ մը կը ստեղծուի այն տպաւորութիւնը, որ եթէ հոս կարծիք կ՛արտայայտենք, փորձ կ՛ընենք ճամբար փոխելու, փախչելու պատասխանատուութենէ կամ աժան բաներ ձեռք բերելու® Չկայ այդպիսի բան, եւ երբեք ոեւէ մէկուն մօտ, կը կարծեմ, կասկած չի յառաջանար, որ երբեւէ պատասխանատուութենէ փախուստ տուող մարդ եմ: Կը կարծեմ, թէ դուք ալ համոզուած էք այդ բանով, եւ իմ գործընկերներուս ալ կ՛առաջարկեմ այդ ձեւը մէկ կողմ դնել», ըսաւ ան:
Արծուիկ Մինասեանը շարունակեց, որ խնդիրը սահմանադրականութեան գնահատման շարունակականութեան հարցն է, քանի որ մարդոց մօտ տպաւորութիւն կայ, որ ինչ որ հակասահմանադրական է, անոր աչք կը փակենք: «Նախապէս առկայ վտանգները կը շարունակեն մնալ, բայց այո՛, այս նախագիծը որոշ լուծում կու տայ հարցին, հետեւաբար այս որոշումին չենք կրնար դէմ ըլլալ այդ մասով», պարզաբանեց ան:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը նշեց, որ մինչեւ հիմա չեն ունեցած լծակներ զբաղելու այս նախագիծի սահմանադրականութեան հարցով: «Մենք չենք ըսեր, որ փոխուած են նախապէս առկայ մտահոգութիւնները, մենք մէկ բան կ՛ըսենք, որ ամէնէն կարեւոր մտահոգութիւնը լուսարձակի տակ առնուած է, ինչ որ վստահութիւն է կառավարութեան նկատմամբ», ըսաւ ան եւ նշեց, որ, ի վերջոյ, ասիկա մեծ պատասխանատուութիւն է:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը շեշտեց, որ այսօր այս որոշումը կը կայացնեն` ցնցումներէ, ճգնաժամէ խուսափելու համար:
Վարչապետը ամփոփելով նշեց, որ հարցերը լուծելու ընթացքին պէտք է ոչ թէ նահանջենք այլ յառաջանանք: «Կը կարծեմ, թէ կառավարութեան համար սկզբունքային հարց է դէպի յառաջ ընթանալը` չվախնալով խորանալէ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ բոլոր հարցերուն մէջ փաստերու հիման վրայ որոշումներ պիտի կայացնեն:
Հարցը դրուեցաւ քուէարկութեան, եւ ոչ մէկը դէմ արտայայտուեցաւ:



