Մոսկուայի մէջ կայացած է հանդիպում մը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի միջեւ: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
Մետվետեւ Փաշինեանը շնորհաւորած է ընտրուելուն առիթով եւ նշած, որ ռուս-հայկական յարաբերութիւնները կը զարգանան համակարգուած բեմագրութեամբ, հաստատ քայլերով եւ աշխուժօրէն:
«Հայաստանը մեր սերտ դաշնակիցն է, եւ մենք միասին կը ձգտինք համարկման միաւորման, կը համագործակցինք ՀԱՊԿ-ի մէջ եւ հետեւողականօրէն կը զարգացնենք ու կը համակարգենք մեր կապերը ընկերային, տնտեսական եւ այլ ոլորտներու մէջ», ըսած է ան` ընդգծելով, որ երկու երկիրներուն կառավարութիւնները պէտք է ձգտին փոխադարձ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման:
Փաշինեան եւս արտայայտուած է երկկողմանիօրէն միշտ զարգացող յարաբերութիւններուն մասին, որոնք, ըստ վարչապետին, ո՛չ միայն յատուկ են, այլեւ ամուր, իսկ տնտեսական ոլորտին մէջ բաւական մեծ տոկոսով յառաջդիմող:
Փաշինեան նաեւ նշած է, որ Ռուսիան եւ Հայաստանը ընդհանուր շատ բաներ ունին իրենց ազգային շահերուն մէջ:



