Երէկ յետմիջօրէին պաշտօնական արարողութեամբ մը աշխարհի ֆութպոլի մեծագոյն մրցաշարքը` մոնտիալը պաշտօնապէս բացուած յայտարարուեցաւ 2018-ի այս իրադարձութիւնը հիւրընկալող երկրին` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ:
Մոնտիալի բացման իր խօսքին մէջ Փութին ըսաւ.
«Ֆութպոլը, իսկապէս, սիրուած է մեր երկրին մէջ:
«Կ՛ակնկալեմ, որ համակիրները եւ մրցաշարքին մասնակցող խումբերը ըմբոշխնեն իրենց կեցութիւնը Ռուսիոյ մէջ:
«Ֆութպոլը բոլորս կը միացնէ իբրեւ մէկ խումբ. բոլորս այս իւրայատուկ առիթին ընդմէջէն պիտի ապրինք յիշատակելի եւ անմոռանալի պահեր»:
Նշենք, որ բացման այս պաշտօնական հանդիսութեան ներկայ էին 20 երկիրներու ղեկավարներ:
Անոնց կարգին էին նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ ուրիշներ:
21-րդ Մոնտիալին Ազդանշանը
Տրուեցաւ Լուզնիքիի Դաշտէն
– Հիւրընկալ Երկիրը` Ռուսիա Ջախջախիչ Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Սէուտական Արաբիոյ Դէմ (5-0)
– Այսօր Տեղի Կ՛Ունենայ Փորթուգալ – Սպանիա Հետաքրքրական Եւ Տաք Ճակատումը
Աւելի քան 78 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, երէկ` հինգշաբթի, 14 յունիսին, պաշտօնական հանդիսութենէ մը ետք, բացուած յայտարարուեցաւ աշխարհի 21-րդ մոնտիալը` 2018-ի մոնտիալը, Ռուսիոյ Լուզնիքիի մարզադաշտին մէջ:
Անիկա պիտի տեւէ մինչեւ 15 յուլիս, երբ տեղի պիտի ունենայ աւարտական ճակատումը, որուն հետ միասին վերջ պիտի գտնէ մոնտիալը:
Գործադրուեցաւ բաւական կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ անգլիացի Ռոպի Ուիլիըմզ:
Բացի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինէն որեւէ ուրիշ պաշտօնատար խօսք չառաւ:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ ռուս սոփրանօ Այտա Կարիֆուլլինա:
Կարճ եւ կոկիկ յայտագիրին յաջորդեց, մոնտիալի բացման մրցումը, երբ Ա. խմբակին մաս կազմող Ռուսիա հիւրընկալեց Սէուտական Արաբիան:
Հիւրընկալ երկիրը բաւական անխնայ եղաւ իր մրցակիցին նկատմամբ` 5-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրելով (կիսախաղ` 2-0):
Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին տուպլէի հեղինակ դարձաւ 23-րդ վայրկեանին վնասուածք ստացած Ալեն Ծակոյեվին փոխարինած Տենիս Չերիշեւը (43-րդ եւ 90-րդ):
Չերիշեւ մրցումէն ետք ՖԻՖԱ-ի պաշտօնական կայքին կողմէ ճանչցուեցաւ մրցումին լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Ռուսիոյ մնացեալ կոլերը նշանակեցին Եուրի Կազինսքիյ (12-րդ) եւ մրցումին երկրորդ տուպլէն իրագործած Ալեքսանտր Կոլովին (88-րդ եւ 94-րդ):
Այսպիսով, Ռուսիա ունեցաւ բաւական լաւ սկիզբ մը:
Օրուան կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարն էր արժանթինցի Նեսթոր Փիթանա:
Այսօր եւ յաջորդող երկու օրերուն պիտի գործադրուի բաւական խճողուած յայտագիր մը, նկատի ունենալով, որ պիտի կատարուին տասը մրցումներ:
Այսօր, ժամը 21:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), բաւական զօրաւոր, տաք եւ հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին իրարու դէմ պիտի ճակատին Փորթուգալ եւ Սպանիա:
Այլ կարեւոր մրցում մը վաղը իրարու դէմ պիտի հանէ` Փերուն եւ Դանիան:
Իսկ կիրակի օր Գերմանիա ունի կարեւոր մրցում մը` Մեքսիքայի դէմ:
Ստորեւ կու տանք այսօր եւ յառաջիկայ երկու օրերուն կատարուելիք մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
| ԱՅՍՕՐ | ԺԱՄ |
| Եգիպտոս – Ուրուկուէյ (Ա. խմբակ) | 15:00 |
| Մարոք – Իրան (Բ. խմբակ) | 18:00 |
| Փորթուգալ – Սպանիա (Բ. խմբակ) | 21:00 |
| ՇԱԲԱԹ | |
| Ֆրանսա – Աւստրալիա (Գ. խմբակ) | 13:00 |
| Արժանթին – Իսլանտա (Դ. խմբակ) | 16:00 |
| Փերու – Դանիա (Գ. խմբակ) | 19:00 |
| Խրուաթիա – Նիկերիա (Դ. խմբակ) | 22:00 |
| ԿԻՐԱԿԻ | |
| Քոսթա Ռիքա – Սերպիա (Ե. խմբակ) | 15:00 |
| Գերմանիա – Մեքսիքա (Զ. խմբակ) | 18:00 |
| Պրազիլ – Զուիցերիա (Ե. խմբակ) | 21:00 |







