Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանը Եւ Արթուր Ասատրեանը Ձերբակալուած Են

June 18, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) աշխատակիցները, յանցաւորութեան դէմ պայքարին ուղղուած իրենց գործառոյթներու իրականացման շրջագիծին մէջ, 16 յունիս 2018-ին  Էջմիածին քաղաքին մէջ, երկու տարբեր քրէական գործերով, միաժամանակ իրականացուցած են խուզարկութիւններ, որոնց ծիրին մէջ յայտնաբերուած է ապօրինի պահուող մեծ քանակութեամբ զէնք եւ ռազմամթերք:

ԱԱԾ-ի քննչական վարչութեան մէջ քննուող` «Տոն Պիպօ» կեղծանունով ծանօթ Արթուր Ասատրեանին պատկանող առանձնատան, կից շինութիւններուն, այլ տարածքներու մէջ կատարուող խուզարկութիւններէ ետք յայտնաբերուած է ապօրինի պահուող զէնք եւ ռազմամթերք: Արթուր Ասատրեանը բերման  ենթարկուած եւ ձերբակալուած է: Նոյն քրէական գործով ձերբակալուած են նաեւ 4 անձեր, որոնք Ռուսիոյ  քաղաքացիներ են:

Նոյն Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ իրականացուած հետախուզական միջոցառումներուն հիմամբ տուեալներ ստացուած են, որ  Հայաստանի Ազգային ժողովի  պատգամաւոր, Երկրապահ կամաւորականներու միութեան (ԵԿՄ)  նախագահ Մանուէլ Գրիգորեանը այլ անձերու հետ նախնական համաձայնութեամբ ապօրինի կերպով ձեռք բերած եւ պահած է զէնք եւ ռազմամթերք:

Դէպքին առիթով ԱԱԾ քննչական վարչութիւնը  յարուցած է  քրէական գործ եւ խուզարկութիւններ իրականացուցած Մանուէլ Գրիգորեանի տան, ամարանոցին եւ անոր պատկանող այլ տարածքներու մէջ: Յայտնաբերուած է ապօրինի կերպով  պահուող մեծ քանակով զէնք եւ ռազմամթերք:

Ազգային ժողովի պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանը բերման  ենթարկուած եւ ձերբակալուած է` նախատեսուած յանցագործութիւն կատարելու կասկածանքով: Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան 96-րդ յօդուածով սահմանուած կարգով, Ազգային ժողովի պատգամաւորը ազատութենէ զրկելու մասին տեղեկացուած է Ազգային ժողովի նախագահը:

ԱԱԾ-ն յայտարարութեամբ մը տեղեկացուցած է, թէ քրէական գործերու  նախաքննութեան ընթացքին եւ արդիւնքներուն մասին յառաջիկային պիտի տրամադրէ մանրամասն տեղեկատուութիւն:

Ազգային ժողովի Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ)  խմբակցութեան պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանի ձերբակալման առիթով ՀՀԿ-ն հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշած է, թէ «Արցախի հերոս Մանուէլ Գրիգորեանի ձերբակալութիւնը պետական ճնշող քաղաքականութեան գործադրման հերթական ահազանգն է: Մենք (ՀՀԿ-ն, «Ա.») մեր ուշադրութեան կեդրոնը պիտի պահենք այս հարցի լիարժէք եւ անաչառ քննութիւնը եւ պիտի պայքարինք Մանուէլ Գրիգորեանի իրաւունքներու ամբողջական պաշտպանութեան համար»:

Նոյն ծիրին մէջ, ՀՅԴ Էջմիածինի «Վաչէ Ռոստոմեան» կոմիտէն տարածած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է. «Հաշուի առնելով Էջմիածին քաղաքին մէջ ստեղծուած պայթիւնավտանգ իրավիճակը` կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք պահպանելու հանդարտութիւնը, իսկ ժողովուրդին` համերաշխութիւնը եւ համբերութիւնը:

Կոմիտէն ստեղծուած իրավիճակը հաշուի առնելով` գործող քաղաքապետ Կարէն Գրիգորեանին կոչ կ՛ուղղէ ներկայացնելու հրաժարականի դիմում:

ՀՅԴ Էջմիածինի «Վաչէ Ռոստոմեան» կոմիտէն միշտ կանգնած է ժողովուրդի կողքին»:

Երէկ երեկոյեան Էջմիածինի քաղաքապետ Կարէն Գրիգորեանը ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ գրած է, թէ հրաժարած է Էջմիածինի քաղաքապետի պաշտօնէն:

 

Նախորդը

Վարչապետ Փաշինեան. «Հայաստանի Կառավարութիւնը Անվերապահօրէն Կ՛աջակցի Բակօ Սահակեանի Բռնած Քաղաքական Ուղղութեան»

Յաջորդը

Համագաղութային Տարողութեամբ Նշում` Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին. Յակոբ Բագրատունի. «28 Մայիս 1918-ը Հիմնաքարն Է Այսօրուան Հայաստանին Եւ Հայկական Պետականութեան»

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.