Շաբաթ, 16 յունիսին Արցախի նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հանդիպումը, որուն ներկայ եղած են նաեւ երկու հայկական պետութիւններու զանազան նախարարութիւններու ղեկավարներ:
Վարչապետ Փաշինեանը նախ շնորհաւորած է Արցախի կառավարութեան նոր նշանակուած անդամները իրենց պաշտօններուն նշանակուելու առիթով եւ ընդգծած, որ կ՛ողջունէ եւ կարեւոր կը նկատէ իրական եւ բովանդակային փոփոխութիւններ իրականացնելու Բակօ Սահակեանի պատրաստակամութիւնը: «Կ՛ուզեմ այդ հարցով յայտնել մեր անվերապահ աջակցութիւնը Արցախի գործընկերներուն եւ անձամբ նախագահ Բակօ Սահակեանին: Հայաստանի կառավարութիւնը անվերապահօրէն կ՛աջակցի ձեր բռնած քաղաքական ուղղութեան», ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձած են հայկական երկու պետութիւններու փոխադարձ գործակցութեան եւ անոր ընդլայնման վերաբերող շարք մը հարցերու: Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը եւ Արցախի նախագահը քննարկած են բանակաշինութեան, տնտեսութեան եւ շարք մը այլ ոլորտներու վերաբերող հարցեր` կարեւոր նկատելով փորձի փոխանակումը եւ աւելի սերտ փոխադարձ գործակցութիւնը համապատասխան նախարարութիւններուն միջեւ:
Այնուհետեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ այցելած է պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութեան կեդրոն, ուր տեղի ունեցած է ծառայողական խորհրդակցութիւն: Արցախի պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Լեւոն Մնացականեան հայկական երկու հանրապետութիւններու ղեկավարներուն զեկուցած է բանակաշինութեան ընթացիկ խնդիրներուն մասին:
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ Արցախի զինուորական համագործակցութեան հետագայ խորացման եւ թշնամին զսպելու մեքանիզմներու կատարելագործման վերաբերող շարք մը հարցեր:
Նոյն օրը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու նախագահ Բակօ Սահակեանը այցելած են Արցախի արեւելեան սահմանագիծ: Անոնք ծանօթացած են զինուորներու ծառայութեան ընթացքին եւ տիրող իրավիճակին:



