Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Ֆրանք Էնկելը:
Ան բարձր գնահատած է Ֆրանք Էնկելի հայանպաստ գործունէութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնած անոր` Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը յուզող հարցերը Եւրոպական խորհրդարանին մէջ պարբերաբար բարձրացնելու, ինչպէս նաեւ Արցախի ժողովուրդին արդարացի պայքարը միջազգային հարթակներուն վրայ առարկայական կերպով ներկայացնելու համար:
Ֆրանք Էնկելը շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին` իր գործունէութիւնը բարձր գնահատելու համար եւ վստահեցուցած, որ պիտի շարունակէ աշխուժ համագործակցութիւնը հայ գործընկերներուն հետ, այդ կարգին` Արցախի հարցով:
Այնուհետեւ զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման, փտածութեան դէմ պայքարին, տնտեսութեան զարգացման, տարբեր մարզերու մէջ բարեփոխումներու իրականացման վերաբերող հարցեր:
Կողմերը միտքեր փոխանակած են նաեւ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացին վերաբերեալ:



