ՀՅԴ-ն Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի առանձին: Այս մասին «Հայ ձայն»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արմենուհի Կիւրեղեան:
«Մենք երբեք չենք մտածած եւ չենք մտածեր մինակ չմասնակցելու մասին: Մենք միշտ առանձին մասնակցած ենք, ունեցած ենք եւ պիտի ունենանք մեր մասնակցութիւնը խորհրդարանին մէջ: Մենք այն կուսակցութիւնը չենք, որ տարի մը բան մը ըսենք, միւս տարի` ուրիշ բան, չենք փորձեր մեր անցած տարուան կարծիքը 180 աստիճանով փոխել», ընդգծեց Արմէնուհի Կիւրեղեանը:
«Ինչպիսի՞ քաղաքական պայքար կ՛ակնկալէք, ո՞ր ուժերը կը նկատէք ձեզի մրցակից» հարցումին պատգամաւորը պատասխանեց. «Մենք չենք պայքարիր որեւէ ուժի դէմ, մենք կը պայքարինք յանուն մեր երկրի, սխալ կը նկատեմ որեւէ ուժի մրցակից նկատել մեզ: Բնականաբար, թէժ քաղաքական պայքար պիտի ըլլայ, քանի որ տարբեր քաղաքական ուժեր կան` տարբեր տեսլականներով: Ի վերջոյ, պէտք է ժողովուրդը ընտրէ, ես յոյս ունիմ, որ ժողովուրդը իսկապէս պէտք է ունենայ ազատ, արդար ընտրութիւններ»:
Անդրադառնալով ՀՅԴ – Ելք հակասութեան մասին լուրերուն` Կիւրեղեան հակադարձեց. «ՀՅԴ-ի եւ Ելքի միջեւ հակասութիւն չկայ, եթէ խօսքը Արծուիկ Մինասեան – Նիկոլ Փաշինեան բանավէճի մասին է, ապա ատիկա ընդամէնը հարցի մը վերաբերեալ տարբեր կարծիքներու արտայայտում էր: Եթէ դուք կը սպասէք, որ կառավարութեան որոշումներուն վերաբերեալ պէտք է քննարկումներ չըլլան, ապա ես ատիկա ճիշդ չեմ գտներ: Արծուիկ Մինասեան պնդած է, որ, այո՛, ինք եւ մեր խմբակցութիւնն ու կուսակցութիւնը դէմ են պարտադիրի բաղադրիչին», եզրափակեց Կիւրեղեան:



