Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բակօ Սահակեանը Պիտի Չմասնակցի Արցախի Նախագահական Յաջորդ Ընտրութիւններուն

June 12, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան պաշտօնապէս յայտարարած է, թէ իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ 2020-ին տեղի ունենալիք Արցախի նախագահական համաժողովրդական ընտրութիւններուն: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Բակօ Սահակեան նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Արցախի եւ Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի կայաններուն տուած հարցազրոյցին ընթացքին:

«Ինչպէս գիտէք, 2017-ին մեր ժողովուրդը հանրաքուէի միջոցով ընդունեց նոր Սահմանադրութիւն, որով նախատեսուած է անցումային փուլ` երեք տարի ժամկէտով: Այդ ժամանակը նախատեսուած է նաեւ օրէնսդրական դաշտը նոր Սահմանադրութեան համապատասխանեցնելու համար: 2020-ին, գործող Սահմանադրութեան համաձայն, տեղի պիտի ունենան Արցախի Հանրապետութեան նախագահի համաժողովրդական ընտրութիւններ: Կ՛ուզեմ պաշտօնապէս յայտարարել, որ ես  պիտի չմասնակցիմ այդ ընտրութիւններուն իբրեւ  հանրապետութեան նախագահի թեկնածու: Մասնակցութիւնս պիտի ըլլայ միայն իբրեւ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացի, որ կ՛ընտրէ նոր նախագահ», ըսած է Բակօ Սահակեանը:

Ան աւելցուցած է, որ ասիկա ոչ թէ պահու թելադրանքով ընդունուած, այլ գիտակցուած որոշում է, որ կը բխի արժեհամակարգէ, ժողովրդավարական եւ քաղաքակիրթ երկիր կառուցելու հրամայականէ: «Եւ քանի որ տեղի պիտի ունենան նախագահի եւ Ազգային ժողովի համաժամանակեայ ընտրութիւններ, ես` իբրեւ գործող նախագահ, օրէնքով սահմանուած իմ լիազօրութիւններու շրջագիծին մէջ  պիտի ձեռնարկեմ բոլոր անհրաժեշտ միջոցներուն, որպէսզի թէ՛ նախագահի, եւ թէ խորհրդարանական ընտրութիւնները կատարուին ազատ, արդար եւ թափանցիկ», յայտարարած է Արցախի նախագահը:

Նախագահ Սահակեան Հանդիպում Ունեցած Է
Շարք Մը Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներու Հետ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 9 յունիսին հանդիպումներ ունեցած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն, Արցախի ժողովրդավարական եւ Ազատ հայրենիք կուսակցութիւններու  ղեկավարներու եւ խումբ մը ներկայացուցիչներու հետ:

Քննարկուած են երկրի ներքաղաքական վիճակին առնչուող շարք մը  հարցեր:

Երկուստեք կարեւոր նկատուած է հանրապետութեան մէջ  կայունութեան պահպանումը, բացառապէս պետական շահերով առաջնորդուիլը եւ այս շրջագիծին մէջ օրէնքներու եւ Սահմանադրութեան տառինու ոգիին հետեւելը:

 

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Փաշինեան Ընդունած Է Եւրոպական Խորհրդարանի Պատգամաւոր Ֆրանք Էնկելը

Յաջորդը

Թէժ Քննարկումներուն Իբրեւ Արդիւնք, «Կուտակային Կենսաթոշակներու Մասին» Օրէնքի Նախագիծը Ընդունուեցաւ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.