Արթուր Եղիազարեան. «Արցախի Մէջ Երկու Կողմերն Ալ Կը Փորձեն Առանց Ցնցումներու Հարցերու Լուծման Հասնիլ»
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, ռազմական փորձագէտ Արթուր Եղիազարեան, խօսելով Ստեփանակերտի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերուն եւ անոնց պատճառներուն մասին, ըսած է, որ եթէ խորքային պատճառներ գոյութիւն չունենային, մէկ դէպքը նման ցնցումներ չէր կրնար յառաջացնել ու ժողովուրդը ոտքի հանել: Ըստ անոր, հիմնական շարժառիթը այն էր, որ փորձ կատարուած է օգտագործելու պաշտօնական դիրքը, ինչ որ բողոքի ալիք բարձրացուցած է...




















