Նիկոլ Փաշինեան Ջաւախահայութեան Խոստացաւ Որակականօրէն Նոր Աստիճանի Բարձրացնել Հայ-Վրացական Յարաբերութիւնները
Պաշտօնական այցելութեամբ Վրաստան գտնուող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ջաւախքի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ հայաբնակ գիւղերու` Ծալկայի, Փոկայի, Գանձայի, Սաթխայի, ինչպէս նաեւ Նինոծմինտա քաղաքի բնակիչներուն հետ: Ան իր խօսքերուն մէջ հիմնականօրէն անդրադարձաւ հայ-վրացական յարաբերութիւններու կարեւորութեան եւ զանոնք աւելի խորացնելու, որակական նոր մակարդակի բարձրացնելու անհրաժեշտութեան` դիտել տալով, որ ինք շատ մեծ կարեւորութիւն կու տայ այս յարաբերութիւններուն: «Ես համոզուած եմ, որ այս այցելութեան իբրեւ...



















