Հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ 28 յուլիսին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի միջեւ: Հայաստանի եւ Պիելոռուսիոյ ղեկավարները քննարկած են երկկողմանի համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերող շարք մը հարցեր:
Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան շրջագիծին մէջ փոխադարձ գործակցութեան: