Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան մէջ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուած են տարբեր մարզերու մէջ մենաշնորհային դիրք ունեցող ընկերութիւններու գործունէութեան ընթացքին տեղ գտած չարաշահումներու կանխարգիլման, արդար եւ բարեխիղճ մրցակցութեան ապահովման ուղղուած հարցեր:
«Այսօրուան մեր քննարկման նիւթը պիտի ըլլայ այն, ինչ որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ յայտնի է իբրեւ մենաշնորհ, տէ ֆաքթօ, թէ տէ ժուրէ` տուեալ պարագային այնքան ալ էական չէ: Մեր տնտեսական քաղաքականութիւնը հետեւեալն է. «Մենք մտադիր ենք Հայաստանի մէջ հաստատել ներառող տնտեսական համակարգ: Ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա. ասիկա կը նշանակէ, որ կ՛արձանագրենք իրողութիւն մը, ըստ որուն` մինչեւ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութիւնը Հայաստանի մէջ վարչական որոշումներով իրականացուած է որոշակի տնտեսական գործունէութիւն, տէ ֆաքթօ, թէ տէ ժուրէ` տուեալ պարագային էական չէ, եւ այդ մարզերուն մէջ գործունէութիւն ծաւալելու կարելիութիւնները բաշխուած եղած են սահմանափակ թիւով մարդոց միջեւ:
«Ներառող տնտեսական համակարգ ըսելով մենք նկատի կ՛ունենանք այն, որ նախապէս այդ մարզերուն մէջ ընդգրկուած մարդիկ ոչ թէ պէտք չէ այլեւս կարելիութիւն ունենան տուեալ մարզերուն մէջ ծաւալելու գործունէութիւն, այլ հակառակը` գործունէութեան այն հատուածը, որ անոնց վերապահուած է իշխանական որոշումներով, պէտք է, այսպէս ըսած, ազատականացուի, եւ այդ մարդիկ նոյնպէս ու բոլոր անոնք, որոնք ցանկութիւն ունին` այդ մարզերուն մէջ գործունէութիւն ծաւալեն:
«Վստահաբար, որ թաւշեայ յեղափոխութեան յաղթանակէն ետք Հայաստանի մէջ այսպիսի իրավիճակ ստեղծելու համար քաղաքական որեւէ խոչընդոտ գոյութիւն չունի, եւ քաղաքական խոչընդոտները այլեւս վերացած են, ներառող համակարգ ունենալու բոլոր պայմանները ստեղծուած են: Կը կարծեմ` մենք ժամանակ առ ժամանակ պէտք է իրավիճակը դիտարկումի ենթարկենք` հասկնալու համար, թէ հանրութեան մէջ իբրեւ մենաշնորհուած ոլորտներ յայտնի շրջանակներու մէջ ի՛նչ կը կատարուի, արդեօք այնտեղ տէ ֆաքթօ իրավիճակի փոփոխութիւն ունի՞նք, թէ՞ ոչ, եւ եթէ չունինք իրավիճակի փոփոխութիւն` ի՞նչ միջոցներ պէտք է ձեռնարկենք, որպէսզի իսկապէս կարենանք ապահովել իրական տնտեսական աճ», վարչապետի աշխատակազմի հաղորդումով, իր ելոյթին ընթացքին ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:
Ընդդիմութեան ներկայացուցիչները, նաեւ բազմաթիւ փորձագէտներ, տարիներ շարունակ պնդած են Հայաստանի մէջ տնտեսական մենաշնորհներու «քայքայիչ» ազդեցութեան մասին` յայտարարելով, որ անոր պատճառով երկրին մէջ մեծապէս տուժած է ազատ մրցակցութիւնը, ինչ որ իր կարգին մեծ վնասներ հասցուցած է փոքր եւ միջին պիզնեսին:



