Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Փաշինեան. «Ռուսիան Ալիեւին Պատերազմէ Հրաժարիլ Տալու Բոլոր Կարելիութիւնները Ունի»

July 27, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պատերազմի վտանգը կը մեծնայ, եւ Ռուսիան ունի նախագահ Ալիեւին պատերազմէ ետ կանգնեցնելու բոլոր կարելիութիւնները. «Էխօ Մոսկվի» ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի վարչապետ Նիկլոլ Փաշինեան:

Ան նաեւ նշած է, որ Հայաստանի մէջ  ռուսական 102-րդ ռազմակայանը տեղակայուած է հանրապետութեան անվտանգութեան նկատառումներով, կը շարունակուի նաեւ ռուս սահմանապահներու կողմէ Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ սահմանի պաշտպանութիւնը, քանի որ ատիկա շատ կ՛օգնէ Հայաստանին:

Փաշինեան յայտնած է նաեւ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ յարաբերութիւնը աւելի դիւրին եղած է, քան ինչ որ ինք կը մտածէր, նաեւ վստահեցուցած է, որ Հայաստանը պիտի շարունակէ զարգացնել կապերը Ռուսիոյ հետ:

Փաշինեանը` «Ժազիրա»-ին.
«Պատրաստ Եմ Դէմ Առ Դէմ Հանդիպելու Ալիեւին Հետ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ծաւալուն հարցազրոյց տուած է «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանի յայտնի «Թոք թու Ժազիրա» յայտագիրին` անդրադառնալով երկրին մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութեան գործընթացին ու անոր հետեւանքներուն, փտածութեան դէմ պայքարին, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին ու Թուրքիոյ հետ փակ սահմաններուն: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, անգլերէնով հարցազրոյցը պիտի հեռարձակուի 28 յուլիսին:

Փաշինեանը «Ժազիրա»-ին ըսած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի  լուծման նպատակով պատրաստ է դէմ առ դեմ հանդիպելու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին հետ: Ան յայտնած է նաեւ, որ Հայաստանը պատրաստ է առանց նախապայմաններու դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ հետ եւ հայկական կողմէն Թուրքիոյ հետ սահմանը երբեք փակ չէ եղած:

Վարչապետ Փաշինեան ըսած է, թէ երկրին մէջ իշխանափոխութենէն ետք հաւասար մրցակցային դաշտ ստեղծուած է պիզնեսի համար: Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն պիզնես իրականացնել Հայաստանի հետ կամ Հայաստանի մէջ, կառավարութիւնը կ՛երաշխաւորէ որեւէ ներդրումի անվտանգութիւնը:

Փաշինեան. «Որոշ Մարդոց Կը Թուի, Թէ Մենք Կատակ Կ՛ընենք»

Երէկ տեղի ունեցած կառավարութեան նիստին պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ներկայացուց կառավարութեան որոշման փոփոխութիւն, որով 2018-ի ամառնային զօրակոչի իրականացման ժամկէտը կ՛երկարաձգուի մինչեւ 11 օգոստոս 2018:

Վարչապետը մէկ դիտարկում ունէր: Ան նշեց, որ հրապարակային կերպով քննարկուած է բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ անոնց հետ կապուած անձերու զաւակներու` ժամկէտային զինուորական ծառայութեան մեկնելու հարցը: Կայ հարցադրում` արդեօք այդ նիւթը կ՛ուսումնասիրուի՞, թէ՞ ոչ: Վարչապետը հաստատեց, որ այդ նիւթը կ՛ուսումնասիրուի թէ՛ ոստիկանութեան, թէ՛ ընդհանուր դատախազութեան, թէ՛ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ:

«Ես ցաւով կ՛արձանագրեմ, որ, որոշ նախնական բացայայտումներու  տուեալներով, զօրակոչի ոլորտին մէջ մենք կը շարունակենք ունենալ չարաշահումներ: Զարմանալի է, որ նման երկրի մը մէջ կրնան այդպիսի չարաշահումներ ըլլալ պաշտօնատար անձերու կողմէ: Ասիկա ուղղակի խայտառակութիւն է: Այդ ոլորտին մէջ մենք հետեւողական ու շարունակական պիտի աշխատինք` բոլոր չարաշահումները  արմատախիլ ընելու համար: Զարմանալին այն է, որ այսքան քաղաքական յայտարարութիւններ կը հնչեն, այսքան կ՛ըսենք, կը բարձրաձայնենք, բայց որոշ ինչ որ մարդոց կը թուի, թէ մենք կատակ կ՛ընենք», ընդգծած է վարչապետ Փաշինեան:

 

 

 

Նախորդը

Ռոպերթ Քոչարեան Եւ Եուրի Խաչատուրով «Մարտ 1»-ի Հարցով Հարցաքննութեան Կանչուած Են. Քոչարեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուած Է

Յաջորդը

Ալեքսանտր Կոլովին Կը Միանայ Մոնաքոյի

RelatedPosts

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.