Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահի Նստավայրին Մէջ Տեղի Ունեցած Է Հայաստանի Եւ Իտալիոյ Նախագահներու Հանդիպումը

July 31, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Իտալիոյ նախագահներու հանդիպումը, որուն մասնակցած են երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան, ողջունելով Իտալիոյ նախագահ Սերժիօ Մաթարելլան, նշած է, որ անոր այցելութիւնը պատմական է, որովհետեւ Իտալիոյ նախագահի առաջին այցելութիւնն է Հայաստան:

Ընդգծելով, որ հայ-իտալական յարաբերութիւններու հիմքերը երկու հնամենի ժողովուրդներու պատմական սերտ առնչութիւններն ու նոյնակունք արժեհամակարգն են, նախագահ Արմէն Սարգսեան ըսած է, որ Հայաստանի անկախութենէն ետք անցած քառորդ դարու ընթացքին հայ-իտալական միջպետական յարաբերութիւնները զարգացած են գործընկերութեան եւ փոխադարձ վստահութեան ոգիով:

Նախագահներ Արմէն Սարգսեան եւ Սերժիօ Մաթարելլա միտքեր  փոխանակած են հայ-իտալական համագործակցութեան լայն օրակարգի շուրջ, նշած, որ երկու երկիրներու բազմաշերտ յարաբերութիւնները  ունին զարգացման մեծ ներուժ եւ միացեալ ջանքերու շնորհիւ կարելի է զանոնք հասցնել որակական նոր մակարդակի:

Հանդիպումի աւարտին Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ Սերժիօ Մաթարելլան պարգեւատրած է Փառքի շքանշանով` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իտալիոյ Հանրապետութեան միջեւ միջպետական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զարգացման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար:

«Այսօր Հայաստանը եւ Իտալիան կը համագործակցին քաղաքական, տնտեսական, ռազմական, միջխորհրդարանական, մշակութային եւ մարդասիրական մարզերուն մէջ: Մեր երկիրները «բնական գործընկերներ են»: Մենք կը կիսենք նոյն արժեհամակարգը, մեր ժողովուրդները նման են իրենց նիստուկացով, ընտանեկան արժէքներով, յաճախ նաեւ` բնաւորութեամբ, մեզի համար հասկնալի եւ ընկալելի են մեր խնդիրներն ու արժէքները: Մենք պատրաստ ենք աւելի մեծ ջանքեր ներդնելու մեր միջպետական, տնտեսական, գիտական եւ մշակութային յարաբերութիւնները զարգացնելու եւ խորացնելու գործին մէջ` նպատակ ունենալով ատիկա բարձրացնել որակապէս շատ աւելի բարձր մակարդակի», նշած է նախագահ Սարգսեան:

Իտալիոյ նախագահ Սերժիօ Մաթարելլա, շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ հիւրընկալութեան համար, ընդգծած է, որ Հայաստանի ու Իտալիոյ  դարաւոր բարեկամական յարաբերութիւնները ներկայիս զարգացման մեծ ներուժ ունին:

«Իսկապէս հպարտ եմ, որ Իտալիոյ առաջին նախագահն եմ, որ կ՛այցելէ Հայաստան: Ուրախ եմ, որ իմ այցելութիւնս կը զուգադիպի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին եւ Երեւանի հիմնադրութեան 2800-ամեակին հետ: Երեւանի այս տարիքը ցոյց կու տայ պետութեան հնութիւնն ու մեր վաղեմի յարաբերութիւնները: Մենք կը նախատեսենք աճող համագործակցութիւն թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական, թէ՛ մշակութային մարզերուն մէջ: Այս այցելութիւնը հիմնուած է բարեկամական յարաբերութիւններու վրայ, բայց այստեղ ենք նաեւ խթանելու մեր սերտ գործակցութիւնը այս բոլոր մարզերուն մէջ», ընդգծած է նախագահ Սերժիօ Մաթարելլա:

Զրոյցի ընթացքին երկուստեք նշուած է, որ մեծ կարելիութիւններ կան զարգացնելու համագործակցութիւնը տնտեսութեան տարբեր ճիւղերու մէջ, բարձր արհեստագիտութիւններու, մշակութային եւ գիտակրթական մարզերուն մէջ, եւ ամէն ինչ պէտք է ընել յարաբերութիւնները ամրապնդելու համար:

Կողմերը կարեւոր նկատած են նաեւ փոխադարձ գործակցութիւնը հաստատութենական մակարդակին վրայ` նշելով, որ խորհրդարանական ժողովրդավարութեան ուղին ընտրած Հայաստանի համար Իտալիոյ` իբրեւ խորհրդարանական կայացած հանրապետութեան հարուստ փորձն ու աւանդութիւնները օգտակար են:

 

Նախորդը

Փաշինեան. «Գերիշխող Դիրքի Չարաշահման Դէպքեր Պէտք Չէ Ունենանք»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (31 Յուլիս 2018)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.