«168.am»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան անդրադարձած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան, որուն մէջ վերջինս յայտնած է, թէ Հայաստան պատրաստ է Թուրքիոյ հետ սահմանները առանց նախապայմաններու բանալու, ընդ որում` Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը փակած է Թուրքիան, Հայաստանի կողմէ զայն կարելի է նկատել ոչ փակ:
«Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը միշտ յայտարարած է, որ Հայաստան առանց նախապայմաններու սահմանները բանալու առնչութեամբ որեւէ խնդիր չունի: Այս պարագային վարչապետին կողմէ արտայայտուած միտքը ամբողջովին կը համընկնի մեր մօտեցման», հաստատած է ան:
Համբարձումեանի համաձայն, ատիկա ոչ մէկ կապ ունի Հայ-թրքական արձանագրութիւններուն հետ: Առանց նախապայմաններու սահմանները բանալու մասին Դաշնակցութիւնը միշտ ալ ըսած է եւ այսօր ալ կ՛ըսէ. «Ամբողջ խնդիրը այն է, որ թրքական կողմը նախապայմաններու լեզուով կը խօսի: Թրքական սահմանն ալ չէ փակուած հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ, այլ փակուած է թրքական կողմին նախաձեռնութեամբ: Հետեւաբար` եթէ սահմանները բանալու խնդիր կայ, քայլը պէտք է առնէ թրքական կողմը», յայտնած է Արսէն Համբարձումեան:
Արսէն Համբարձումեանի համաձայն, հայ-թրքական արձանագրութիւնները այլեւս օրակարգ պիտի չվերադառնան այն տեսքով, այն տրամաբանութեամբ, որ եղած են. «Կը կարծեմ, թէ նման արձանագրութիւններու կարելի չէ վերադառնալ: Մաքուր էջէ միշտ ալ կարելի է սկսիլ յարաբերութիւնները եւ խօսիլ այդ յարաբերութիւններուն մասին, բայց չեմ կարծեր, թէ Թուրքիոյ ներկայի իշխանութիւններուն օրով նման բան կարելի է», եզրափակած է ան: