Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բալայեանի Մամլոյ Ասուլիսը` Հայաստանի Արտաքին Քաղաքականութեան Զանազան Հարցերուն Մասին

Օգոստոս 1, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած  մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան խօսած է ներքին եւ արտաքին տարբեր հարցերու ու զարգացումներու մասին:

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու
Հանդիպումի Թուականը Տակաւին Յստակ Չէ

Ըստ Բալայեանի, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու յառաջիկայ հանդիպումի ժամկէտին վերաբերեալ տակաւին յստակ համաձայնութիւն չկայ:

Խօսելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեղի ունենալիք  հաւանական հանդիպումին մասին` Տիգրան Բալայեան նշած է, որ Փաշինեան իր հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին վերահաստատած է Ալիեւի հետ հանդիպում ունենալու պատրաստակամութիւնը:

«Հոս պէտք է դուրս գալ այն իրողութենէն, որ հանդիպումը ինքնանպատակ չէ, անիկա պէտք է ունենայ բովանդակութիւն: Բովանդակութիւնը կրնայ ըլլալ նոր պայմաններու ձեռքբերումը, կամ նախորդ պայմաններու, մասնաւորապէս Վիեննայի, Ս. Փեթերսպուրկի եւ Ժընեւի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու վերահաստատումը», ըսած է Բալայեան:

Սահմանի Նախիջեւանեան Հատուածին Մէջ
Դիտարկում Կազմակերպելու Առաջարկ

Տիգրան Բալայեան ըսած է, թէ Հայաստանը կարեւոր կը նկատէ հայ-ազրպէյճանական սահմանի նախիջեւանեան հատուածին մէջ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքի գրասենեակին կողմէ զինադադարի դրութեան դիտարկման հոլովոյթը: Ըստ անոր, այս քայլը կրնայ զսպող գործօն ըլլալ Ազրպէյճանի կողմէ հաւանական որեւէ արկածախնդրութեան դէմ:

Հայաստան Թուրքիոյ Կողմէ Առանց Նախապայմաններու
Յարաբերութիւններ Հաստատելու Ազդակներ Չէ Ստացած

Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ հաստատելու պատրաստակամութիւնը ամրագրուած է Հայաստանի նոր կառավարութեան ծրագիրին մէջ, որ հաստատուած է Ազգային ժողովին կողմէ: Այս հաստատումը կատարած է Տիգրան Բալայեան` պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք Հայաստանը պիտի նախաձեռնէ՞ Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման հոլովոյթին:

Արձագանգելով լրագրողի մը այն դիտարկման, թէ թրքական մամուլը բաւականին բուռն կերպով հակազդեց Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ հաստատելու պատրաստակամութեան մասին Հայաստանի  Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան, Բալայեան ըսած է. «Մամուլի արձագանգներուն ծանօթ ենք, կը հետեւինք, բայց Թուրքիան այն երկիրը չէ, ուր մամուլի արձագանգներով քաղաքականութիւն կը վարուի»:

«Այս պահու դրութեամբ մենք թրքական իշխանութիւններէն ազդակներ չունինք: Ընդհակառակն` դուք հետեւած էք Թուրքիոյ նախագահին, եւ նախորդ շաբաթ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին Ազրպէյճան այցելութիւններուն, այնտեղ հնչած յայտարարութիւնները հակառակը կ՛ըսեն: Այսինքն, որեւէ ազդակ, ակնարկ կամ ուղերձ, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները պատրաստ են առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ հաստատելու եւ սահմանը բանալու, մենք չունինք», ըսած է Բալայեան:

Սլովաքիայէն Ազրպէյճան Զէնքի Մատակարարումը
Միջազգային Իրաւունք Կը Խախտէ

Տ. Բալայեան նաեւ նշած է, որ Հայաստան կը շարունակէ հետապնդել Սլովաքիայէն Ազրպէյճան սպառազինութիւններու ապօրինի փոխանցման հարցը: «Հայկական կողմը այդ հարցը երկկողմանի խողովակներէն բացի բարձրացուցած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանակներուն մէջ` նկատի ունենալով, որ Սլովաքիան պիտի նախագահէ ԵԱՀԿ-ին», ըսած է Տիգրան Բալայեան:

Լրագրողները մատնանշած են, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ երկու երկիրներ կը շարունակեն սպառազինութիւն մատակարարել Ազրպէյճանին, Հայաստան ինչպէ՞ս պիտի բարձրացնէ այդ հարցը:

«Մենք այդ հարցը բարձրաձայնած ենք պիելոռուս եւ ռուս գործընկերներուն մօտ: Մեր դիրքորոշումը այն է, որ չկեդրոնանանք մէկ երկրէ մատակարարումներուն վրայ, օրինակ, Սլովաքիայէն մատակարարումը հաստատօրէն միջազգային իրաւունքի խախտում է. երբ տրուած է վերջնական օգտագործման արտօնագիր մէկ երկրի համար, բայց բոլորը գիտեն, որ այդ զէնքը կը յայտնուի այլ երկրի մը մէջ: Սլովաքիոյ քրէական օրէնսգիրքին մէջ համապատասխան յօդուած այս պարագային նախատեսուած է: Ինչ կը վերաբերի այլ երկիրներէ մատակարարումներուն, եթէ անոնք օրէնքի ծիրին մէջ են, ապա զանոնք սահմանափակելու մեր կարելիութիւնները քաղաքական են: Իրաւական որեւէ մեքանիզմ չունինք: Մենք կը շարունակենք եւ կը վերահաստատենք մեր այն սկզբունքային դիրքորոշումը, որ խնդրայարոյց է որեւէ զէնքի, մահաբեր սպառազինութեան մատակարարումը Ազրպէյճանին` նկատի առնելով այն անկանխատեսելի քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւունքներու խայտառակ վիճակը, երբ զէնքը կրնայ օգտագործել ո՛չ միայն արտաքին հակառակորդներուն, այլ նաեւ սեփական բնակչութեան դէմ», ըսած է Բալայեան:

Թրամփ-Փաշինեան Հանդիպում

Տիգրան Բալայեան լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ կայ մտադրութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ հանդիպում կազմակերպելու:

«Արդէն կրնանք հաստատել, որ Փաշինեան սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ պիտի մասնակցի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի բացման շաբթուան աշխատանքներուն եւ ընդհանուր քննարկումներուն: Պիտի ունենայ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ, որոնց շարքին մէջ հաւանաբար կը ներառուի Թրամփի հետ հանդիպումը», ըսած է Բալայեան:

Այսուհանդերձ ան նշած է, որ ներկայիս չի կրնար ըսել, թէ վերջնական համաձայնութիւն ձեռք բերուած է:

 

 

Նախորդը

Տօնոյեան Քասփրչիքին Ներկայացուցած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիին Մէջ Տիրող Ընդհանուր Իրավիճակը

Յաջորդը

Համբարձումեան. «Սահմանները Բանալու Քայլը Թրքական Կողմը Պէտք Է Առնէ»

RelatedPosts

Կիպրոսի Մէջ.  Բագրատունի Շնորհակալական Այցելութիւն  Տուաւ Լիբանանի Հայութեան  Օժանդակած Դեղորայքի Ընկերութեան
Գաղութային

Կիպրոսի Մէջ. Բագրատունի Շնորհակալական Այցելութիւն Տուաւ Լիբանանի Հայութեան Օժանդակած Դեղորայքի Ընկերութեան

Նոյեմբեր 7, 2025
Կառավարութիւնը Խորհրդարանին Յղեց  Արտերկրի Լիբանանցիներուն 128 Երեսփոխաններու  Քուէարկել Արտօնող Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Խորհրդարանին Յղեց Արտերկրի Լիբանանցիներուն 128 Երեսփոխաններու Քուէարկել Արտօնող Օրինագիծ Մը

Նոյեմբեր 7, 2025
Իշխանութեան Երեք Պետերուն  Եւ Լիբանանցիներուն  Յղած Իր Բաց Նամակին Մէջ.  «Կը Հաստատենք Բռնագրաւման Դիմադրելու  Մեր Օրինական Իրաւունքը»  Կ՛ըսէ Հըզպալլա
Գլխաւոր լուրեր

Իշխանութեան Երեք Պետերուն Եւ Լիբանանցիներուն Յղած Իր Բաց Նամակին Մէջ. «Կը Հաստատենք Բռնագրաւման Դիմադրելու Մեր Օրինական Իրաւունքը» Կ՛ըսէ Հըզպալլա

Նոյեմբեր 7, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?