Պաշտօնաթող նախագահները եւ տարբեր քաղաքական դէմքեր, որոնք ժամանակին կրած են որոշակի պատասխանատուութիւն, մեղադրեալի աթոռին նստեցնելը կրնայ մեր համազգային նպատակներուն, որդեգրած քաղաքականութեան մէջ լուրջ ճեղքեր յառաջացնել: Այս մասին «Երկիր Մետիա»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով Հայաստանի մէջ կատարուող վերջին իրադարձութիւններուն, յատկապէս` Հայաստանի 2-րդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ձերբակալութեան, ըսաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան:
Ան նշեց, որ այսպիսով մեր պետական, ազգային արժեհամակարգին որոշակի հարուածներ կ՛ուղղուին. «Կատարուող իրադարձութիւնները տեղիք կու տան որոշակի մտահոգութիւններու, որոնք կը բխին այսօրուան մեր կարգավիճակէն եւ մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներէն, որոնց կիզակէտն է Արցախը: Այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ իրաւական հարթութեան մէջ, անոր գծով մենք չենք կրնար որոշակի գնահատական տալ, բայց մենք ունինք մեր քաղաքական մօտեցումները եւ գնահատականները, զորս պարտաւոր ենք այդ մասին երբեմն բարձրաձայնել»:
Անդրադառնալով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի յայտարարութեան` ան նշեց, որ անիկա տեղին է ոչ թէ զուտ անձին պաշտպանելու, այլ ընդհանրապէս զարգացումներու եւ մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման միտուած մտահոգութիւններով:
«Այդ մտահոգութիւնները մեզի ուղղակիօրէն կը բերեն ղարաբաղեան դաշտ, Ղարաբաղի տագնապ, եւ նկատի առնելով մեր անցած 25-30 տարիներու ազգային պայքարի պատմութիւնը, որոշակի մտահոգութիւններու տեղիք կու տան: Պէտք չէ տարանջատել ներկայ իրողութիւնները մեր ոչ վաղ անցեալի իրողութիւններէն: Իրաւական դաշտին մէջ կը յայտնուին անձեր, անհատներ, որոնք ուղղակիօրէն փոխկապակցուած են մեր ազգային- ազատագրական պայքարին հետ եւ կը կրեն որոշակի պատասխանատուութիւն», ըսաւ Դաւիթ Իշխանեան: