Նախագահ Բակօ Սահակեան Ներկայացուցած Է Նոր Նշանակուած Ոստիկանապետը
Նախագահ Բակօ Սահակեան 9 յունիսին այցելած է Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանութիւն եւ գերատեսչութեան աշխատակիցներուն ներկայացուցած է նոր նշանակուած ղեկավարը: Նախագահ Սահակեան Իկոր Գրիգորեանին մաղթած է արդիւնաւէտ աշխատանք եւ շնորհակալութիւն յայտնած Կամօ Աղաջանեանին երկարամեայ ծառայութեան համար` անոր մաղթելով յաջողութիւն:




















