ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին կողմէ անցեալ շաբաթ հրապարակուած յայտարարութեան վերաբերեալ կատարուած տարբեր մեկնաբանութիւններուն մասին «Երկիր» զրուցած է Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանին հետ, որ դիտել տուած է, թէ յայտարարութիւնը պէտք է ընկալել իր ամբողջութեան մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ լաւապէս հասկնալ, որ Դաշնակցութեան նպատակը ոչ մէկ ձեւով Ռոպերթ Քոչարեանը պաշտպանելն է: Ըստ անոր, այս յայտարարութեամբ մտահոգութիւն կը յայտնուի կարգ մը հանգամանքներու գծով: «Նախ` Յատուկ քննչական ծառայութեան կողմէ Քրէական օրէնսգիրքի համապատասխան յօդուածով սահմանադրական կարգի տապալման` առաջադրուած մեղադրանքը իրաւական որոշ տեսանկիւնէ խնդրայարոյց է, որովհետեւ նշուած յօդուածը Քրէական օրէնսգիրքին մէջ լրացուած է ենթադրեալ յանցագործութենէն ետք` 2009-ին», յայտնած է Համբարձումեան` դիտել տալով, որ սահմանադրական կարգի տապալման եւ իշխանութեան բռնի զաւթումի մեղադրանքի ներկայացումը, ըստ էութեան, կը նշանակէ, որ հարցականի տակ կ՛առնուի վերջին 10-ամեայ ժամանակաշրջանի իշխանութեան օրինականութիւնը: Անոր համաձայն, այս կը նշանակէ, որ պատասխանատուութեան պէտք է կանչուին տուեալ ընտրութիւններուն արդիւնքները հաստատած եւ արտակարգ դրութիւն հաստատելու մասնակցած բազմաթիւ պետական պաշտօնեաներ: Արսէն Համբարձումեան հարց տուած է, որ եթէ կը խօսուի արդարութեան վերականգնման մասին, ուրեմն ինչո՞ւ անդրադարձ չի կատարուիր 1996-ի նախագահական ընտրութիւններուն եւ այդ ատեն եղած սահմանադրական կարգի տապալման ու իշխանութեան բռնի զաւթումին:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը մտահոգութիւն յայտնած է, որ այս ընթացքով պիտի հեղինակազրկուին Հայաստանի պետական կառոյցները, եւ հարցականի տակ պիտի առնուի Հայաստանի պետականութեան օրինականութիւնը: «Ա՛յս է խնդիրը: Որեւէ յետին միտք ու նպատակ չկայ: Իբրեւ դերակատար քաղաքական ուժ` ունինք սկզբունքային մօտեցումները բարձրաձայնելու ու պատասխանատուութեան հարց», նշած է ան:
Արսէն Համբարձումեան շեշտած է, թէ Դաշնակցութիւնը համոզուած է, որ 1-2 մարտի դէպքերու քննութեան գործը պէտք է իր տրամաբանական աւարտին հասնի, եւ առանց բացառութեան, բոլոր մեղաւորները պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին: «Բայց խօսիլ սահմանադրական կարգի տապալման մասին, ատիկա բոլորովին այլ տեղ կը տանի», ըսած է ան: