Երեքշաբթի, 31 յուլիս 2018-ին, Աբովեան համայնքի ղեկավար Վահագն Գէորգեան ընդունեց Լիբանանի ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան երիտասարդները եւ Աբովեանի ՀՅԴ կոմիտէի անդամները:
Զաւարեանականները շնորհակալութիւն յայտնեցին Աբովեան համայնքի ղեկավարին` միութեան կազմակերպած ճամբարին աջակցութիւն ցուցաբերելուն համար:
Հանդիպումի ընթացքին համայնքի ղեկավար Վահագն Գէորգեան առաջարկեց ստեղծել համահայկական երիտասարդական ֆորում, որուն պիտի կարենայ մասնակցիլ աշխարհասփիւռ ուսանողութիւնը եւ իւրաքանչիւր տարի Աբովեան համայնքին մէջ հանդիպում-քննարկում ծաւալել Հայաստանի մշակոյթը, բնապահպանութիւնը, տնտեսութիւնը, արտաքին քաղաքականութիւնը աւելի զարգացնելու ուղղութեամբ:
Հանդիպումի աւարտին, ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան երիտասարդները շնորհակալագիր յանձնեցին Աբովեան համայնքի ղեկավարին` խոստանալով վերադառնալ նոր ծրագիրներով: