
Երէկ Հանրային պատկերասփիւռի կայանի «Օրակարգ» հաղորդման ժամանակ Յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեան խօսեցաւ Մարտի 1-ի գործով երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին առաջադրուած մեղադրանքին, ինչպէս նաեւ 0038 գաղտնի հրամանի մասին: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ճի՞շդ են այն տեղեկութիւնները, որ հարցաքննութեան կանչուած է նաեւ Արմէն Գէորգեանը (նախկին փոխվարչապետ): Սասուն Խաչատրեան նշեց, որ մեղադրանք առաջադրուած է Արմէն Գէորգեանին` արդարադատութեան իրականացումը խոչընդոտելու մէջ, ինչ որ կ՛ենթադրէ քրէական պատասխանատուութիւն 332 յօդուածի 3 մասով:
Յատուկ քննչական ծառայութեան պետը նշեց, որ տարիներ առաջ եղաւ «Ուիքիլիքս»-ի հրապարակում, որուն հիման վրայ այսօր քրէական գործ յարուցուած է: Հրապարակման մէջ նշուած է, որ Սերժ Սարգսեանի հակառակորդները բողոքարկած են ընտրութիւններու արդիւնքները Սահմանադրական դատարանին մէջ, եւ ըստ հրապարակման, Արմէն Գէորգեան ճնշում գործադրած է Սահմանադրական դատարանի դատաւոր Վալերի Պօղոսեանի նկատմամբ:
«Ատիկա ծանր յանցանք է, կ՛ենթադրէ մինչեւ 6 տարուան ազատազրկում: Խափանման միջոց ընտրուած է ստորագրութիւնը` չհեռանալու մասին», ըսաւ Յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեան: