Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի Նոր Շրջանի Առաջին Նիստ

Օգոստոս 6, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի առաջին նիստը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 3 օգոստոս 2018-ին` երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան անդամներուն, Կրօնական ժողովի անդամներուն, Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ գործող խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն:

Առաջնորդ սրբազան հօր բացման աղօթքէն ետք ժողովը ընտրեց իր դիւանը, որուն մաս կը կազմեն Գառնիկ Մկրտիչեան, Կարօ Սալխանեան, Վիքի Գարագաշեան եւ Արազ Գոճայեան:

Ապա Շահէ եպս. Փանոսեան ընթերցեց Ազգային երեսփոխաններու ընտրութեան առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նամակը, որուն մէջ նշուած է. «Լիբանանի հայոց թեմը սփիւռքի հայութեան կարեւորագոյն թեմերէն մէկն է, իր բազմակողմանի աշխատանքներով: Մեր հայրական թելադրութիւնն է ձեզի, առաջնահերթ կարեւորութիւն ընծայել ծուխերու վերակազմակերպման` իբրեւ հիմքը թեմական կեանքին, կրթական մարզին, որ պէտք է միշտ մնայ առանցքային կարեւորութիւն ներկայացնող բնագաւառ, մեր երիտասարդութեան, որուն պէտք է լայն կարելիութիւն ու քաջալերանք տրուի` մեր կառոյցներու եւ ընդհանրապէս մեր գաղութի կեանքին մէջ իր յանձնառու մասնակցութիւնը բերելու»:

Այնուհետեւ Ազգային երեսփոխանները քննութեան առարկայ դարձուցին թեմը յուզող բազմաբնոյթ հարցերը եւ ներկայացուցին շարք մը առաջարկներ:

Ապա առաջնորդ սրբազանը իր գրաւոր խօսքը ժողովականներուն փոխանցելով ըսաւ. «Շուրջ հինգ տարիներ առաջ, Լիբանանի հայոց թեմին մէջ ստանձնեցի պատուարժան Ազգային երեսփոխանական ժողովիդ ընտրութեամբ ինծի վստահուած թեմակալ առաջնորդի պաշտօնը, զոր փորձեցի վարել պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ: Այժմ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի գահակալ` ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին թոյլտուութեամբ, աշխատանքի առիթը ուրիշին փոխանցելու պատրաստակամութեամբ, կու գամ պաշտօնապէս հրաժարականս ներկայացնելու պատուարժան Ազգային երեսփոխանական ժողովիդ` խնդրելով, որ դրականօրէն ընկալէք որոշումս եւ առիթ ընծայէք, որ շուտով, նոր առաջնորդի մը ընտրութեամբ, նոր ոգեւորութիւն ու աւելի խանդավառ աշխատանքային փուլ մը բացուի Լիբանանի հայոց թեմի կեանքին մէջ»:

Ժողովը դրուատիքով անդրադարձաւ սրբազան հօր հնգամեայ առաջնորդական պաշտօնավարութեան եւ անսալով վեհափառ հայրապետին յանձնարարութեան, առաջարկեց, որ մինչեւ նոր առաջնորդի ընտրութիւն, առաջնորդ սրբազան հայրը շարունակէ Ազգային վարչութեան ու Կրօնական ժողովին հետ բնական ձեւով վարել թեմական աշխատանքները: Ժողովականները մաղթեցին, որ սրբազան հայրը իր յառաջիկայ պատասխանատուութիւններուն մէջ եւս արձանագրէ նորանոր յաջողութիւններ:

Յայտնենք, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի գումարուի Լիբանանի հայոց թեմի խառն ժողովը, որ, համաձայն թեմի կանոնագրութեան նախատեսութիւններուն, նոր առաջնորդի ընտրութեան համար պիտի ճշդէ թուական եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետէն խնդրէ ընտրելի թեկնածուներու անուանացանկ:

Ժողովը փակուեցաւ սրբազան հօր պահպանիչով:

Նախորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Տարեկան Բանակումը Սկիզբ Առաւ

Յաջորդը

Ըստ «Ախպար»-ի. Կազան Միջազգային Հոգատարութեան Տակ Դնելու Առումով Միջազգային Ու Արաբական Ծոցի Երկիրներու Մօտ Փափաք Մը Գոյութիւն Ունի

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?