Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է Վրաստանի մէջ 1 օգոստոսին սկսած ՕԹԱՆ-ի ռազմափորձերուն: Ան ըսած է, թէ ատիկա, ինչպէս կը նշեն Վրաստանի մէջ, չի կրնար նպաստել կայունութեան Սեւծովեան շրջանին մէջ, այլ հակառակը` կը սրէ իրավիճակը:
Զախարովա նաեւ աւելցուցած է, որ Ռուսիան կ՛ափսոսայ, որ ռազմափորձերուն կը մասնակցին նաեւ Վրաստանի դրացի երկիրները:
Ան չէ հաստատած հայկական մամուլին մէջ տարածուած այն լուրերը, որոնք կը նախատեսեն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի այցելութիւնը Մոսկուա, որուն ընթացքին պէտք է կայանայ անոր հանդիպումը Սերկէյ Լաւրովին հետ` նշելով, որ Լաւրովի օրակարգին վրայ Մնացականեանի հետ հանդիպում նախատեսուած չէ:



