Կառավարութիւնը այս պահու դրութեամբ որեւէ նախաձեռնութեամբ հանդէս չէ եկած Սեւանայ լիճէն լրացուցիչ ջուր դուրս բերելու առնչութեամբ: 2 օգոստոսին կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան: «Սեւանէն մէկ կաթիլ աւելի դուրս բերելու համար պէտք է ըլլայ Ազգային ժողովի որոշում: Այսօրուան դրութեամբ կառավարութեան կողմէ նման նախաձեռնութիւն չէ եղած, որ աւելի ջուր դուրս բերուի», ըսաւ նախարար Խաչատրեան:
Ան անձամբ կ՛ուզէր, որ Սեւանէն լրացուցիչ ջուր դուրս բերելու փոխարէն խորքային հորերու հարցը լուծուէր: Նախարարին համաձայն, անցեալ տարի Սեւանէն աւելի ջուր դուրս բերուած է, գումարը գացած է արտապիւտճէական հաշիւ, եթէ այդ գումարը օգտագործուի խորքային հորերէ ջուր հանելու համար, աւելի նպատակայարմար կ՛ըլլայ թէ՛ Սեւանայ լիճին, թէ՛ գիւղատնտեսութեան տեսանկիւնէն:
«Իմ կարծիքովս, համակարգը արմատական բարեփոխումներու կարիք ունի: Պնդումները, որ 70 առ հարիւրով ջուրը կը կորսուի, չի չափուիր, իբրեւ գիւղատնտեսական մարզի պատասխանատու` ընդունելի չէ: Այսինքն` ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, կ՛ըսեն դուք ունիք 3 հեկտար հող, որուն վրայ կ՛աճեցնէք լոլիկ, մենք անոր համար կու տանք համապատասխան սահմանուած քանակի ջուր: Բայց եթէ ջրաչափ չկայ, ինչպէ՞ս վստահ ըլլալ, որ այդքան տրուած է: Երբ գիւղացիին նկատմամբ ըլլանք ազնիւ, պէտք է ամէն տրուած կաթիլ ջուրը ճշդուի, ըսենք դուն սպառած ես այսքան ջուր, այսքան պէտք է վճարես», ընդգծեց նախարարը:
Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ կան հողատարածքներ, գիւղացիներ, որոնք քանի մը անգամ ջուր դուրս բերելու առիթէն օգտուած են, մէկ մասն ալ ընդհանրապէս ջուր չի ստանար, ինչ որ սակայն, չարաշահման պատճառով չէ, այլ պայմանաւորուած է անով, որ այդ հողատարածքները ծայրամասային հատուածներու մէջ են, եւ ջուրը անոնց չի հասնիր, պէտք է աւելի ու աւելի ջուր մղել:



