Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէն Իրաւական Գործընթացի Պիտի Սկսի Զոյա Թադեւոսեանի Դէմ

August 2, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

31 յուլիսին Հայ ազգային քոնկրես (ՀԱՔ) կուսակցութեան անդամ Զոյա Թադեւոսեան լրագրողներուն ըսած էր, թէ Արցախի ազատագրուած տարածքները գրաւեալ տարածքներ են, եւ պէտք է զանոնք վերադարձնել Ազրպէյճանին, եթէ տագնապի լուծումը այդ կը պահանջէ:

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն այդ առնչութեամբ գումարած է նիստ մը, որուն աւարտին ՀՅԴ Արցախի կառոյցի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան «Ապառաժ»-ին տեղեկացուցած է Կեդրոնական կոմիտէի որոշումին մասին:

«Տիկին Թադեւոսեանի հնչեցուցած տեսակէտին առիթով բազմաթիւ կարծր արձագանգներ եղած են թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:

«Անցած տասնամեակներուն ընթացքին մենք բազմիցս անդրադարձած ենք նման յայտարարութիւններու: Սակայն այդ տեսակէտները երբեմն կը դիտարկուէին իբրեւ զգացական: Պէտք է խոստովանինք, որ անցեալին այս կարգի տեսակէտներ ներկայացնող քաղաքական գործիչներու կամ անձերու նկատմամբ քրէական գործընթաց եւ համապատասխան պատժամիջոցներ չեն կիրարկուած: Թերեւս ատիկա մեր թերութիւնը  եղած է: Ստեղծուած է նոր իրավիճակ. օրէնքներու գերակայութեան սկզբունքը նկատի ունենալով` ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն համապատասխան քայլեր պիտի ձեռնարկէ իրաւական գործընթացի սկսելու համար:

«Տիկին Թադեւոսեանի հնչեցուցած տեսակէտը Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան դէմ ընթանալու կոչ է: Այդ կոչով կը վտանգուի Արցախի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ Արցախի ինքնիշխան պետութիւն ըլլալու հանգամանքը:

«Մեզի չի բաւարարեր քաղաքական ուժերու եւ անհատներու քաղաքական գնահատականները: ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն որոշած է հարցը տեղափոխել իրաւական եւ քաղաքական դաշտ: Պաշտօնական գրութեամբ պիտի դիմենք Արցախի Հանրապետութեան նախագահին` իբրեւ Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան երաշխաւոր, եւ Արցախի Հանրապետութեան դատախազութենէն պիտի պահանջենք համապատասխան միջոցներուն ձեռնարկել»:

Բաբայեան. «ՀԱՔ-ի Ներկայացուցիչին Յայտարարութիւնը Ազգային Շահերուն Քաղաքական Դաւաճանութիւն Է»

Հայ ազգային քոնկրեսի (ՀԱՔ) ներկայացուցիչ Զոյա Թադեւոսեանի յայտարարութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ ազգային շահերուն քաղաքական դաւաճանութիւն: Այս մասին, ըստ «Նիուզ»-ին, ըսած է Արցախի նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան:

«Ոմանք հրաշալի կը խօսին հայերէն, բայց արդեօք անոնք հայերէ՞ն կը մտածեն: Նշուած կնոջ լսելով` տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ մեր առջեւ ո՛չ թէ հայկական կուսակցութեան ներկայացուցիչ է, այլ` Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի: Զարմանալի է, որ հասարակութեան մէջ մարդիկ կան, որոնք նման կարծիք կը յայտնեն: Ասիկա սարսափելի է: Ասիկա ազգային շահերուն քաղաքական դաւաճանութիւն է, բարոյական վճիռի դրսեւորում», շեշտած է Դաւիթ Բաբայեան:

Միաժամանակ, ան բոլոր անոնց, որոնք նման կարծիք ունին, յիշեցուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղը ձգտած է անկախութիւն ձեռք բերել բացառապէս խաղաղ ճամբով, իսկ պատերազմը Ազրպէյճանը պարտադրած է: «Ի պատասխան Ազրպէյճանի յարձակման` մենք ստիպուած էինք ազատագրելու հայկական պատմական հողերը: Հակառակ պարագային Ղարաբաղի ժողովուրդին բնաջնջում կը սպառնար: Գիտնալով, թէ ինչո՛վ կը սպառնայ Արցախի անվտանգութեան համակարգի թուլացումը` ո՛չ միայն հանրապետութեան, այլեւ Հայաստանի եւ ամբողջ հայութեան համար անթոյլատրելի է նման յայտարարութիւններ կատարելը: Կը մնայ միայն յոյս ունենալ, որ այդ յայտարարութեան հեղինակի գլխուն հետ սխալ բան կայ: Հակառակ պարագային անհրաժեշտ է իրադարձութիւններու նման զարգացում չարտօնել», նշած է Արցախի նախագահի մամլոյ  քարտուղարը:

Դաւիթ Բաբայեան նաեւ նշած է, որ Ազրպէյճանը, ըստ էութեան, ինքզինք  աւելի ազնիւ կը պահէ` բացայայտօրէն յայտարարելով Արցախը ոչնչացնելու մտադրութեան մասին, իսկ նման անձերու յայտարարութիւնները արդարացում չունին. «Այդպիսի մարդիկ պէտք է  ամչնան փողոց ելլելէ»:

 

 

Նախորդը

Ռոպերթ Քոչարեանի Կալանաւորման Դէմ Վերաքննիչ Բողոք Ներկայացուեցաւ

Յաջորդը

Տիգրան Բալայեան Խօսած Է Ռուսական Կողմի Արձագանգին Մասին

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները  Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ  Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն

November 12, 2026
Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու  Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն  Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն

November 12, 2026
Կրոնօ. «Հարաւային Կովկասը  Եւրոպական Միութեան Համար Ռազմավարական  Կարեւորութիւն Ունի»
Հայկական

Կրոնօ. «Հարաւային Կովկասը Եւրոպական Միութեան Համար Ռազմավարական Կարեւորութիւն Ունի»

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.