50-Ամեայ Ծառայական Առաքելութեան Առիթով` Զրոյց-Հանդիպում Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ
Հանդիպում-զրոյցի արտագրումը կատարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ Լիբանանի մէջ գործող հայկական երեք օրաթերթերուն տնօրէնները հանդիպում մը ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ: Անոնք միասնաբար զրուցեցին կաթողիկոսին 50-ամեայ ծառայութեան մասին: Բնականաբար կարելի չէր զրոյցի սահմաններուն մէջ անդրադառնալ 50-ամեայ ծառայութեան ընթացքին իրագործուած բեղուն գործունէութեան բոլոր ուղղութիւններուն եւ մարզերուն: Առ այդ, զրոյցին առանցքը հանդիսացան ծառայութեան որպէս մեկնակէտ աստուածաշնչային ներշնչումի համար աւետարանական...



















