3 օգոստոսին Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն Արթուր Վանեցեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերկէյ Քոպիրքինը: Հանդիպումին սկիզբը Վանեցեան շնորհաւորեց Ս. Քոպիրքինը` դեսպանի պաշտօնին նշանակուելու առիթով, ինչպէս նաեւ յաջող եւ արդիւնաւէտ աշխատանք մաղթեց:
Անդրադառնալով երկու երկիրներուն միջեւ հաստատուած ամուր համագործակցութեան` Ա. Վանեցեան նշեց, որ այդ բարեկամութիւնը կը նպաստէ երկու պետութիւններու տարբեր նախարարութիւններու փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման, իսկ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ յատուկ ծառայութիւններուն միջեւ համագործակցութիւնը ա՛լ աւելի կ՛ամրապնդէ արդէն գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները:
Դեսպան Քոպիրքին նոյնպէս կարեւոր նկատեց երկու գերատեսչութիւններու փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութիւնը` նշելով, որ Ռուսիոյ համար Հայաստանը շարք մը ուղղութիւններով միացեալ գործունէութեան կարեւորագոյն ռազմավարական գործընկեր է: Հանդիպումի աւարտին երկու կողմերն ալ պատրաստակամութիւն յայտնեցին շարունակելու եւ աւելի սերտացնելու Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան եւ Ռուսիոյ անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան ու արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան միջեւ համագործակցութիւնը` մասնագիտական բոլոր ուղղութիւններով: