Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Տիգրան Բալայեանէն «Արմինֆօ»-ն հետաքրքրուած է, թէ ինչպէ՞ս կը բացատրէ ռուսական կողմի գնահատականները Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններուն վերաբերեալ:
«Մենք կը հետեւինք միջազգային արձագանգին` Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ներքին հոլովոյթներուն առնչութեամբ, որոնք ուղղուած են իրաւական պետութիւն դառնալուն, անկախ արդարադատութիւն ունենալուն, փտածութեան դէմ պայքարին, որոնք կառավարութեան ներքաղաքական առաջնահերթութիւններն են», ըսած է ան:
Ըստ Բալայեանի, այդ գործընթացները կապուած չեն Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հետ: «Այդ առնչութեամբ կը հաստատենք, որ արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւնները ուղղուած են հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ խորացման, ՀԱՊԿ-ի եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան շրջագիծին մէջ փոխադարձ գործակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման: Մենք կը հետեւինք այդ ուղեգիծին», ըսած է մամլոյ բանբերը: