Երէկ` հինգշաբթի, 2 օգոստոս 2018-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Եոկեշվար Սանկվանը:
Վարչապետը կարեւոր նկատած է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը եւ ընդգծած, որ Հայաստանի կառավարութիւնը շահագրգռուած է տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան ընդլայնումով ու խորացումով: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անհրաժեշտ նկատած է առեւտրական-տնտեսական կապերու խթանումը եւ այդ ուղղութեամբ համապատասխան քայլերու իրականացումը:
Իր կարգին, Եոկեշվար Սանկվան նշած է հայ-հնդկական պատմական կապերու փաստը եւ աւելցուցած, որ անոնք ունին զարգացման մեծ ներուժ: Ան վստահեցուցած է, որ պիտի կատարէ կարելի բոլոր ջանքերը` երկու երկիրներուն միջեւ բազմակողմանի համագործակցութեան նոր թափ հաղորդելու համար:
Զրուցակիցները քննարկած են տնտեսութեան, այդ կարգին` տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, զբօսաշրջութեան, ինչպէս նաեւ առողջապահութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի մարզերուն մէջ համագործակցութեան ընդլայնումի կարելիութիւններն ու հեռանկարներու վերաբերող տարբեր հարցեր:
Միջազգային Տնտեսական Ընկերակցութիւնը Պատրաստ Է
Աջակցելու Հայաստանի Սեփական Մարզին
Երէկ` հինգշաբթի, 2 օգոստոս 2018-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Համաշխարհային դրամատան խումբի անդամ Միջազգային տնտեսական ընկերակցութեան շրջանային կառավարիչ Եան Վան Պիլսենի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Վարչապետը կարեւոր նկատած է կառավարութեան եւ մեր երկրի սեփական մարզի ներկայացուցիչներու համագործակցութիւնն ու զարգացումը Միջազգային տնտեսական ընկերակցութեան հետ: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան համոզում յայտնած է, որ աշխուժ փոխադարձ գործակցութիւնը պիտի նպաստէ մեր երկրի տնտեսութեան խթանման ու սեփական մարզի գործունէութեան զարգացման:
Միջազգային տնտեսական ընկերակցութեան շրջանային կառավարիչը նշած է, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող դրական փոփոխութիւնները, կառավարութեան թափանցիկ ու բաց գործելաոճը կը ստեղծեն լաւ կարելիութիւններ երկրի զարգացման համար, այդ կարգին` սեփական մարզի տեսանկիւնէն: Եան Վան Պիլսենը աւելցուցած է, որ Միջազգային տնտեսական ընկերակցութիւնը պատրաստ է աջակցելու Հայաստանի սեփական մարզին` գործունէութեան ընդլայնման ու նոր ծրագիրներու իրականացման ուղղութեամբ:
Այս առումով, զրուցակիցները կարծիք յայտնած են, որ պիզնեսները պէտք է ունենան ընկերակցութեան կառավարման ներքին գործուն կանոններ, դառնան թափանցիկ եւ ձգտին մասնակցութեան` հրապարակային դրամագլուխներու շուկաներուն մէջ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Եան Վան Պիլսեն անդրադարձած են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան առաջնահերթութիւններուն:




