Խմբագրական. Աշխատանքներ, Դժուարութիւիններ, Բացթողումներ (Է. Եւ Վերջ) Շուրջօրեայ Շարժունակութեան Յարատեւման Համար
Կարեւոր, նկատելի համրանք մը այսօր մօտէն թէ հեռուէն կապուած է այս թերթին: Խմբագրակազմ, տարբեր բաժանմունքներու աշխատակիցներ կը խօսին «Ազդակ»-ի միայն անձնակազմի ընդհանուր թիւին մասին: Տպագիր ընթերցողներ, կայքի այցելուներ, ընկերային ցանցերու միջոցով հետեւողներ, մանկապատանեկան թերթի բաժանորդներ, մրցանքներու մասնակիցներ, ապագայ լրագրողներ կը կազմեն ցանցային հաւաքականութեան մը վերահսկողութենէ դուրս գտնուող թիւ մը: Երանգային կարեւոր իրականութիւններ եւս պէտք է աւելցնել այս թիւի գոյառման մեր...




















