Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Բանաձեւել Բանակցային Հիմնադրոյթները (Արցախեան Շարժման 31-ամեակին Առիթով)

Փետրուար 21, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախեան բանակցութիւնները այսօր սառեցուած վիճակի մէջ են: Աւելի ճիշդը` ապրիլեան պատերազմէն ետք բովանդակային բանակցութիւններ գոյութիւն չունին, գէթ պաշտօնապէս: Հանդիպումները, միշտ հիմնուելով պաշտօնական լրահոսի եւ հանդիպումներէն բխած յայտարարութիւններու հիման վրայ, հիմնականին մէջ կեդրոնացած էին 94-ի հրադադարը յարգելու համար համապատասխան միջոցներու դիմելու անհրաժեշտութեան եւ անոր շուրջ համաձայնութիւններու վրայ:

Հայկական կողմը կը յայտարարէ, որ ոչ նախապէս ծրագրուած յատուկ հանդիպումները առիթ եղած են ուղղակի կապ հաստատելու, բանակցութիւններու պատմութեան ծանօթանալու, միտքեր փոխանակելու եւ միջազգային համաժողովներու մասնակցութեան պարագային իրարու հանդիպելէ չխուսափելու մասին պայմանաւորուելու:

Հանգամանաւոր յայտարարութիւնները արցախեան հարցի լուծման մասին յստակացուցած են, որ Երեւանը բանակցելու իրաւունք չունի, որովհետեւ Արցախի ժողովուրդը չէ մասնակցած Հայաստանի համապետական ընտրութիւններուն, հետեւաբար չէ լիազօրած Երեւանը: Ուրեմն, պաշտօնական Ստեփանակերտը պէտք է մասնակցի բանակցութիւններուն: Աւելի՛ն. հանգուցալուծման որեւէ տարբերակ, որուն գծով համաձայնութիւն կ՛ակնկալուի, պէտք է ստանայ ժողովուրդին վաւերացումը: Տարբեր առիթներու յստակացուած է նաեւ, որ ժողովուրդ հասկացողութիւնը կը ներառէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Արցախն ու սփիւռքը:

Կառավարութեան ծրագիրը արցախեան հարցի լուծման համար գերակայ կը նկատէ կարգավիճակն ու անվտանգութիւնը: Հայկական կողմը, իր մօտեցումի բանաձեւումներուն մէջ անհրաժեշտութեան առջեւ է աւելի յստակ հիմնադրոյթներ ամրագրելու:

Այսպէս`

Ա.- Արցախահայութեան ինքնորոշման հանրաքուէն եւ Սահմանադրութիւնը ելակէտային նշանակութիւն ունին բանակցային փիլիսոփայութիւնը զարգացնելու համար: Այս պարագային անկախութեան հռչակագիրը Արցախի Հանրապետութեան մասին յստակ իրաւադրոյթ է: Իսկ Սահմանադրութիւնը արցախահայութեան այսօրուան փաստացի սահմաններուն ամրագրումն է` դարձեալ հանրաքուէով: Թէ՛ կարգավիճակի եւ թէ՛ անվտանգութեան հարցերով հանրաքուէով վճռորոշուած իրողութիւն գոյութիւն ունի արդէն:

Բ.- Երկիրներու պարագային միջազգային օրէնքի տարածքային ամբողջականութեան յարգումը ունի արցախեան ընկալում: Խօսքը հիւսիսային Արցախի մասին է: Հիւսիսային Արցախի ազատագրումը ըստ էութեան թէ՛ կարգավիճակին եւ թէ՛ անվտանգութեան հետ սերտօրէն կապուած խնդիր է:

Գ.- Հայաստանի Հանրապետութիւնը պաշտօնական ամրագրումներով կը հանդիսանայ Արցախի անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւորը: Այդպիսով կը բացատրուի Երեւանի իբրեւ կողմ մասնակցութիւնը բանակցութիւններուն: Գլխաւոր երաշխաւորի կարգավիճակի իրաւականացումը տեսք կը ստանայ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքումով: Դաշինքը կամ գլխաւոր երաշխաւորութիւնը անվտանգութեան հետ կապուած ըլլալով նաեւ կարգավիճակի միջազգայնացման կամ միջազգային ճանաչումին հետ կը կապուի: Իրողապէս եւ իրաւականօրէն` Արցախի անկախ հանրապետութիւնն է, որ կ՛ապահովէ արցախահայութեան անվտանգութիւնը:

Արցախեան շարժման 31-ամեայ նշումներուն բանակցային ելակէտային հիմնադրոյթներու բանաձեւումը որոշ հրամայականի ուղենիշեր կը ներառէ իր մէջ: Մանաւանդ երբ աշխուժացած են արտաքին ակնկալութիւններն ու շրջանառութեան մէջ դրուող «փոխզիջումնային» բանաձեւերը:

Նախորդը

Ղարաբաղեան Շարժման 31-ամեակին Առիթով. «20 Փետրուար 1988-ն Հայոց Ազգային Վերազարթօնքի Բացառիկ Օրինակ Է» Կ՛ըսէ Նիկոլ Փաշինեան

Յաջորդը

Հերի Քէյն Ակնկալուածէն Շուտ Կ՛ապաքինի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին  Կանգնած Իրականութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին Կանգնած Իրականութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
Այցելելով Պէյրութ`  «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը  Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նոյեմբեր 1, 2025
Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի  Հայ Գերիներու Դատավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Աւարտած Է Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Եւ Միւս Գերիներու Դատավարութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?