Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընդունած է Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Ֆրանք Էնկելը:
Վարչապետը շնորհաւորած է Էնկելը Լիւքսամպուրկի Քրիստոնեայ-ընկերային կուսակցութեան նոր նախագահ ընտրուելու առիթով եւ անոր մաղթած կուսակցական բեղմնաւոր աշխատանք: Նիկոլ Փաշինեան բարձր գնահատած է Ֆրանք Էնկելի հայանպաստ գործունէութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնած անոր Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին յուզող հարցերը Եւրոպական խորհրդարանին մէջ պարբերաբար բարձրացնելու, ինչպէս նաեւ Արցախի ժողովուրդի արդարացի պայքարը միջազգային հարթակներու վրայ առարկայական կերպով ներկայացնելու համար:
Ֆրանք Էնկելը վստահեցուցած է, որ պիտի շարունակէ աշխուժ համագործակցութիւնը հայ գործընկերներուն հետ: Միաժամանակ, ան Նիկոլ Փաշինեանին ներկայացուցած է Լիւքսամպուրկի Քրիստոնեայ-ընկերային կուսակցութեան յառաջիկայ ծրագիրներն ու անդրադարձած երկրի քաղաքական կեանքին մէջ առկայ իրավիճակին:
Այնուհետեւ զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի եւ Լիւքսամպուրկի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման, փտածութեան դէմ պայքարին, տնտեսութեան զարգացման, տարբեր ոլորտներու մէջ բարեփոխումներու իրականացման վերաբերող նիւթերու:
Կողմերը միտքեր փոխանակած են նաեւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին վերաբերեալ:



