Հրայր Մարուխեանի Շիրիմին Վրայ Երդում Տալով` Երիտասարդները Միացան ՀՅԴ-ի Շարքերուն
19 դեկտեմբերին ազգային-քաղաքական ականաւոր գործիչ, ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեանի ծննդեան 90-ամեակն է: Այս առիթով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը յարգանքի այցելութիւն տուաւ Երեւանի Կեդրոնական գերեզմանատան մէջ գտնուող անոր շիրիմին, ուր նաեւ տեղի ունեցաւ կուսակցական երդման արարողութիւն: Ներկայ էին Հրայր Մարուխեանի այրին` Անահիտ Մարուխեանը, դուստրը` Շաղիկը, թոռնուհին` Անահիտը, ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Գերագոյն մարմինի անդամները, ՀՅԴ Հայաստանի ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւններու անդամներ,...



















