Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ Պաքուի մէջ ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Էնտրիւ Շոֆըրը (Միացեալ Նահանգներ) եւ Ստեֆան Վիսքոնթին (Ֆրանսա):
Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք:
«Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերող բանակցութիւններու ներկայ վիճակն ու հեռանկարները», կը յայտնէ աղբիւրը:
Յիշեցնենք, որ Մինսքի խմբակի համանախագահները մէկ օր առաջ այցելած էին Երեւան, ուր անոնք հանդիպում ունեցած էին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ: