Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 20 փետրուարին ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթին (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆըրը (Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքը:
Նիկոլ Փաշինեան ողջունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն այցելութիւնը Հայաստան եւ կարեւոր նկատած անոնց դերակատարութիւնը` իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային միջազգային իրաւագիր ունեցող ձեւաչափ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները շնորհաւորած են Նիկոլ Փաշինեանը խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Իմ քայլը» դաշինքի յաղթանակին առիթով:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը ներկայացուցած է յունուարին Տաւոսի մէջ տեղի ունեցած ոչ պաշտօնական հանդիպումին մանրամասնութիւնները:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթի համապատասխան մթնոլորտի ձեւաւորման շուրջ, ուրուագծած են հետագայ քայլերը: Կարեւոր նկատուած է զինադադարի դրութեան պահպանման ուղղութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացումը:
Հանդիպում` Զոհրապ Մնացականեանին Հետ
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը 20 փետրուարին հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին հետ:
Հանդիպումին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման շրջագիծին մէջ տեղի ունեցած վերջին հանդիպումներու ընթացքին բարձրացուած հարցերը:
Զոհրապ Մնացականեան վերահաստատած է Հայաստանի մօտեցումները եւ դիրքորոշումը տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման ուղղութեամբ եւ հոլովոյթին համար նպաստաւոր մթնոլորտի կարեւորութիւնը:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են հոլովոյթին շրջագիծին մէջ հետագայ քայլերուն եւ հանդիպումներուն շուրջ:




