Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Մեծ Յոյսեր Կան Այս Կառավարութենէն, Ուստի Մեծ Է Անոր Պատասխանատուութիւնը»

February 22, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ` հինգշաբթի, 21 փետրուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:

Նախքան նիստը նախագահ Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին խորհրդակցեցան նախարարաց խորհուրդին քննարկելիք 103 կէտերէ բաղկացած օրակարգին շուրջ, ինչպէս նաեւ անդրադարձան վերջին իրադարձութիւններուն:

Նախագահ Աուն շնորհաւորեց կառավարութիւնը իր ստացած վստահութեան համար` հաստատելով, որ մեծ յոյսեր կան անոր վրայ, ուստի պէտք է նախարարները գիտակցին իրենց ուսերուն դրուած պատասխանատուութեան մեծութեան: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ պէտք է լիբանանցիները իրենք իրենց  ուժերուն վստահին Լիբանան տեղակայուած մէկուկէս միլիոն սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարի լուծումը եւ ամէն գնով անոնց տունդարձ կազմակերպելը, որովհետեւ այլ արտաքին պետութիւններ ոչ մէկ ճիգ ըրին այս առումով Լիբանանին օգտակար ըլլալու: Ան աւելցուց, որ այս գծով քաղաքական որոշումի սպասելը անօգուտ է, որովհետեւ կրնայ բաւական երկար ժամանակ խլել` իբրեւ օրինակ բերելով պաղեստինցի գաղթականներուն վիճակը, որուն լուծումը չգտնուեցաւ տակաւին:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ինք կ’աշխատի ամէն գնով պահպանել լիբանանեան օրէնքներն ու լիբանանեան հողերուն անդորրութիւնը, ապահովութիւնը, ուստի հետամուտ է երկիրը ձերբազատել սուրիացի տեղահանուածներու ծանր բեռէն, որ ունի քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ ապահովական հետեւանքներ:

Կառավարութեան նիստը փակուեցաւ նախքան բոլոր նախարարներուն կողմէ խօսքերու արտասանութիւնը, որովհետեւ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններ ունենալու հարցին վերաբերող քննարկումը սրեցաւ:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ կարդաց կառավարութեան կողմէ տրուած որոշումները` դիտել տալով, որ կարգ մը թղթածրարներու քննարկումը յետաձգուեցաւ յառաջիկայ նիստին: Անոր համաձայն, ժողովը տեւեց չորսուկէս ժամ, որուն ընթացքին տարբեր թղթածրարներ քննարկուեցան: Թղթակիցները հարց տուին, եթէ սուրիական յարաբերութիւններուն առնչութեամբ վէճ եղած է, սակայն նախարար Ժարրահ յայտնեց, որ քննարկում եղած է, եւ անոր ընթացքին երբեմն կրնայ շեշտը խիստ ըլլալ, երբեմն` մեղմ:

Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ յայտնեց, որ ժողովին ընթացքին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախարարները Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններուն մասին իրենց կեցուածքին մասին խօսած են` ակնարկելով նախարար Պու Սաապի Միւնիխի մէջ դրսեւորուած դիրքորոշումին: Ան հաստատեց, որ նիստը փակուեցաւ, այդ պատճառով ալ ինք չկրցաւ իր կարծիքը տալ, սակայն ինք ոչ մէկ արգելք ունի Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտի հաստատելու առումով:

Ներքին գործոց Նախարար Ռայա Հասան յայտարարեց, որ երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւնները պիտի կատարուին յառաջիկայ երկու ամիսներուն:

Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ հաստատեց, որ ժողովին ընթացքին եղած քննարկումը հիմնականին մէջ կը վերաբերէր Սուրիոյ հետ կապին, որուն մասին իրենց կարծիքները յայտնեցին նախարարները: Ան դիտել տուաւ, որ իրենք կը հաւատան, թէ պէտք է Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու ծիրը ընդարձակել առաւելագոյն չափով` ի շահ Լիբանանի, ինչպէս որ ճշդուած է սահմանադրութեան մէջ:

Նախորդը

Ժոմպլաթ Հարիրիի Կ՛այցելէ

Յաջորդը

Ցաւակցական

RelatedPosts

Ակնարկ  Փեքին, 6-10 Մարտ 2023
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ Փեքին, 6-10 Մարտ 2023

October 14, 2026
Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ  Որոշում Մը Պիտի Տամ»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Իրանն Ու Օմանը Հորմուզի Նեղուցին Մէջ Ժամանակաւոր Նաւարկման Ուղիի Շուրջ Փոխըմբռնում Գոյացուցին»

October 14, 2026
Թրամփ. «Իրան Կ՛ուզէ Համաձայնութեան Հասնիլ,  Սակայն Չի Գիտեր Ատիկա Ինչպէս Ընել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրան Կ՛ուզէ Համաձայնութեան Հասնիլ, Սակայն Չի Գիտեր Ատիկա Ինչպէս Ընել»

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.