Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վրաստանը Շահագրգռուած Է Ամրապնդելու Եւ Խորացնելու Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները

Փետրուար 22, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ` 21 փետրուարին ընդունած է պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Լեւան Իզորիան:

Վարչապետը ողջունած է Վրաստանի պաշտպանական նախարարութեան պատուիրակութեան այցելութիւնը Հայաստան` կարեւոր նկատելով երկու երկիրներուն միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ եղբայրական յարաբերութիւններու սերտացումը եւ զարգացումը: Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է այս տարուան յունուարին Վրաստանի վարչապետ Մամուքա Պախթածէի հետ Պոլնիսիի մէջ տեղի ունեցած  հանդիպումին` նշելով, որ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ առկայ ներկայիս բարեկամական, աշխատանքային մթնոլորտը լաւագոյնս կը խթանէ համագործակցութեան ընդլայնումը եւ նոր մակարդակի կը բարձրացնէ զայն: Այս ծիրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը ընդգծած է երկու երկիրներուն միջեւ բարձրաստիճան յաճախակի փոխադարձ այցելութիւններու եւ տարբեր մակարդակներով քաղաքական համագործակցութեան կարեւորութիւնը:

Նշելով, որ ուրախ է պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուելով` Լեւան Իզորիան կարեւոր նկատած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին հետ ունեցած հանդիպումը եւ անոր ընթացքին պաշտպանութեան ոլորտին մէջ երկկողմ համագործակցութեան 2019-ի  ծրագիրի ստորագրումը: Ըստ անոր, Վրաստանը շահագրգռուած է ամրապնդելու եւ խորացնելու բարեկամ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները եւ պատրաստ է շարունակելու արդիւնաւէտ փոխադարձ գործակցութիւնը այդ ուղղութեամբ:

Զրուցակիցները քննարկած են հայ-վրացական պաշտպանական համագործակցութեան օրակարգին վերաբերող հարցեր` վերահաստատելով ընթացիկ գործընկերութիւնը ամրապնդելու եւ նոր նախաձեռնութիւններ իրականացնելու փոխադարձ պատրաստակամութիւնը:

Կողմերը մտքեր փոխանակած են շրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման, տագնապներու խաղաղ լուծման շուրջ եւ երկուստեք ընդգծած այդ ուղղութեամբ փոխադարձ ջանքերու  կարեւորութիւնը: Վարչապետ Փաշինեան կարեւոր նկատած է երկկողմանի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը շրջանային տագնապներու լուծման գործին մէջ: Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարը նշած է, որ Վրաստանը կարեւոր կը նկատէ  շրջանային բարի դրացիական յարաբերութիւններու հաստատումը եւ կը սատարէ տագնապներու խաղաղ լուծման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը:

Դաւիթ Տօնոյեան. «Հայաստանը Եւ Վրաստանը Կը Յարգեն Մէկզմէկու Անվտանգային Նախապատուութիւնները»

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Վրաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարները ստորագրեցին 2019-ի զինուորական համագործակցութեան ծրագիրը: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին 21 փետրուարին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրի մամլոյ սրահին մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Լեւան Իզորիայի միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան:

«Քննարկեցինք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Վրաստանի Հանրապետութեան երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցերը պաշտպանութեան ոլորտին մէջ: Ստորագրեցինք Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ 2019-ի ռազմական համագործակցութեան ծրագիրը, որ կը ստորագրուի 2010 թուականէն ի վեր: Անիկա այս տարի յագեցած է պաշտպանութեան ոլորտի նախաձեռնութիւններով` ռազմական կրթութիւն, մարդու իրաւունքներ, ռազմական բժշկութիւն, բարեվարքութիւն, կաշառակերութեան դէմ պայքարի տարատեսակ նախաձեռնութիւններ: Հայաստանը եւ Վրաստանը  փոխադարձաբար կ՛ընկալեն եւ կը յարգեն մէկզմէկու նախապատուութիւններն ու կը հաւատան ապագային աւելի անվտանգ ու բարեկեցիկ Հարաւային Կովկաս ունենալու գաղափարին», ըսած է Տօնոյեան:

Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարը նշած է, որ վրացական կողմը պատրաստ է շարք մը ոլորտներու մէջ իր փորձը կիսելու հայկական զինուած ուժերուն հետ:

«Մենք շատ արդիւնաւէտ քննարկումներ ունեցանք Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին  հետ այն հարցերուն շուրջ, թէ ինչպէ՞ս պէտք է խորացնել մեր երկու երկիրներու զինուած ուժերուն միջեւ համագործակցութիւնը: Վրացական կողմը պատրաստ է իր փորձը  կիսելու հայկական կողմին հետ: Մենք յաջողութեամբ կը կիսենք մեր փորձը ՕԹԱՆ-ի անդամ շարք մը երկիրներու հետ: Ես կը գնահատեմ հայ զինուորներուն մասնակցութիւնը Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած  «Վեհանձն գործընկեր 2018» ռազմափորձին, որ տեղի ունեցած է ՕԹԱՆ-ի հովանիին տակ», ըսած է Իզորիան:

Նշենք նաեւ, որ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Լեւան Իզորիայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցած Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին:

Նախորդը

Անդրադառնալով Հայաստանի Օրհներգի Փոփոխութեան Նախաձեռնութեան. Իշխան Սաղաթէլեան. «Լուրջ Չեմ Վերաբերիր Ե՛ւ Նախաձեռնութեան, Ե՛ւ Նախաձեռնողին»

Յաջորդը

Սեմի Խըտիրա Ենթարկուեցաւ Սրտի Վիրաբուժութեան

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?