Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէութեան 71-րդ Շրջանային ժողովի

Փետրուար 20, 2019
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէութեան 71-րդ Շրջանային ժողովը, գումարուած` 15-19 փետրուար 2019-ին, հանգամանօրէն քննարկեց Կեդրոնական կոմիտէի երկամեայ գործունէութեան բոլոր մարզերը: Կազմակերպական, քաղաքական, տեղեկատուական, ուսանողական, երիտասարդական, պատանեկան, գաղութային կեանքի, ուղեկից միութիւններու յատկացուած օրակարգերը քննարկելով, Շրջանային ժողովը արձանագրեց`

Ա.- Յարափոփոխ աշխարհի յատուկ այսօրուան մթնոլորտն ու համակարգը բարենպաստ պայմաններ չեն ստեղծեր աւանդական հասկացողութեամբ եւ հաւաքական կեանքով յատկանշուած ազգային արժէքային համակարգ դաւանող կուսակցութիւններուն համար: Հակառակ տիրող եւ զարգացող պայմաններուն, Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքը կը շարունակէ ամուր կառչած մնալ գաղափարախօսական հենքի վրայ ամրակայուած կուսակցական, կարգապահական գործելաոճին` միշտ ներկուսակցական ժողովրդավար պայմաններու լիարժէք յարգումով պահելով կուռ եւ միասնական կառոյցի էութիւնը:

Բ.- Երկամեակի քաղաքական կեանքը յատկապէս յատկանշուեցաւ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններով: Առաջին անգամ կիրարկուող ընտրական օրէնքի անկանխատեսելիութեան բոլոր գործօնները յաղթահարելով, Դաշնակցութիւնը քաղաքական բազմակողմ յարաբերութիւններով յաջողեցաւ կարեւոր քայլ արձանագրել դէպի Հայկական երեսփոխանական պլոքի վերականգնման յայտարարուած առաջադրանքը: Ներկայ պայմաններն ու անոնցմէ բխած երեւոյթները կը պարտաւորեցնեն մէկ կողմէ վերատեսութեան ենթարկել հայկական քուէի ուժի գործօնի վերածման համար նոր ռազմավարութեան մշակումը, միւս կողմէ քաղաքական գետնի վրայ հետեւողական աշխատանքը շարունակելու համայնքներու իրողական ներկայացուցչութեամբ համապատկերով խորհրդարան ձեւաւորելու:

Գ.- Ուշադրութեան կիզակէտ կը շարունակեն մնալ Դաշնակցութեան Լիբանանի կազմակերպութեան ուսանողական, երիտասարդական եւ պատանեկան միաւորները կուսակցական եւ ազգային կեանքի համար մասնագիտական մարդուժ ապահովելու եւ առաւելագոյնս զանոնք մեր հանրային կեանքին մէջ դերակատար դարձնելու ուղղութեամբ: Գաղափարախօսական էութեամբ նորարար միջոցներու որդեգրումի հրամայականը բոլոր ժամանակներէն աւելի զգալի է այսօր եւ որուն կենսագործումը կ՛ակնկալուի մեր երիտասարդութենէն:

Դ.- Համասփիւռքեան եւ համահայկական տարողութիւն եւ հասանելիութիւն ունենալով, ՀՅԴ Լիբանանի լրատուամիջոցները այսօրուան տեղեկատուական համակարգի համահունչ նորարարութիւններ որդեգրելու եւ անոնց համապատասխան առանձին բաժանմունքով աշխատելու անհրաժեշտութեան առջեւ են: Տեղեկատուական առումով Լիբանանի մէջ դաշնակցական բեմը պիտի յառաջացնէ բազմակարծութեան հարթակ` միշտ առաջնահերթ նկատելով կառուցողական քննարկումներով քաղաքական միտքի զարգացման նպատակը:

Ե.- Ուսանողական, երիտասարդական եւ պատանեկան միաւորներուն առընթեր ՀՅԴ Լիբանանի կոմիտէութիւնները կը մշակեն ծրագիրներ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի մէջ տարբեր բնոյթի աշխատանքներ իրականացնելու: Այս նախադրեալները կը նախանշեն, որ ՀՅԴ Լիբանանի կազմակերպութեան գործադաշտին մէջ հետզհետէ նկատելի տեղ կը գրաւէ հայրենիքը:

Այս ելակէտերէն մեկնած, ՀՅԴ Լիբանանի կազմակերպական շրջանը կը հաստատէ, որ`

– Լիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ պիտի շարունակէ լիբանանահայ համայնքի քաղաքական գործօնի ազդեցիկութեամբ պաշտպանել համայնքի բոլոր իրաւունքները:

– Աշխատիլ, որ լիբանանեան պետական կառոյցներուն մէջ հայ համայնքի բաժինները զբաղեցնեն համայնքի ներկայացուցչական դէմքերը:

– Բոլոր միջոցները հայթայթել  հանրային կեանքի կառոյցներու ղեկավարման երիտասարդացման, մասնագիտացումին եւ աշխատանքի արդիւնաւորման համար:

– Գիտակցելով լիբանանահայութեան անշրջանցելի գործօն ըլլալու իրողութեան` զարգացնել անոր համասփիւռքեան եւ համահայկական դերակատարութիւնը ինչպէս մարդուժի պատրաստութեան, այնպէս նաեւ պետականութեան հզօրացման աշխատանքներուն:

ՀՅԴ Լիբանանի 71-րդ Շրջանային ժողովը օրակարգի կէտերու քննարկման աւարտին ընտրեց 11 հոգիէ բաղկացած ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմը: Նորընտիր Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչն է Յակոբ Բագրատունի:

19 փետրուար 2019

Նախորդը

Արցախի Եւ Հարաւային Օսեթիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնները Համագործակցութեան Համաձայնագիր Ստորագրած Են

Յաջորդը

Հայաստանի Ներկայացուցիչը` «Եւրոպայի Լիկա»-ի Փլէյ-Օֆի Մրցումի Հսկիչ

RelatedPosts

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի,  Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի, Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ

Օգոստոս 21, 2025
Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն  Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Տեսլականին»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

Օգոստոս 21, 2025
Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ  Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?