Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութիւնը  Կարելի Կրնայ Ըլլալ Միայն Տագնապի Բոլոր  Կողմերուն Ներգրաւուածութեան Պարագային»  Կը Գրէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»

«Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութիւնը Կարելի Կրնայ Ըլլալ Միայն Տագնապի Բոլոր Կողմերուն Ներգրաւուածութեան Պարագային» Կը Գրէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»

Տասնամեակներ տեւած ազգամիջեան տագնապէն ետք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները կը պատրաստուին հանդիպելու` փորձելու լուծել Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տիրող երկարատեւ տագնապը: Այս մասին կը գրէ ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը` ընդգծելով, որ դէտերը բաւական պատճառներ ունին թերահաւատօրէն դիտելու այն միտքը, թէ սպասուող հանդիպումը կրնայ բերել երկարատեւ հանգստութեան: «Այնուամենայնիւ, նշանակալի փոփոխութիւն կայ նախորդ նման փորձէն ետք: Որոշ տուեալներ կը փաստեն, թէ ժողովրդավարական...

Սումկայիթի Ջարդերուն 31-ամեակին Առիթով.  Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը  Հանդէս Եկաւ Յայտարարութեամբ

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած քաղաքական ուժերուն Յայտարարութիւնը

21 մարտին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն, Արցախի ժողովրդավարական եւ Ազատ հայրենիք  կուսակցութիւնները հրապարակեցին հետեւեալ հաղորդագրութիւնը։ «Արցախի Հանրապետութիւնում սպասուող 2019թ. ՏԻՄ եւ 2020թ. համապետական ընտրութիւնների խորապատկերին որոշ խմբերի եւ անհատների աշխուժութիւնը վերջին շրջանում երբեմն անցնում է քաղաքական պարկեշտութեան սահմանները՝ ոտնահարելով անկախ պետութիւն կառուցելու գործում մեր ժողովրդի տասնամեակների ջանադիր աշխատանքը: 1991թ. անկախ հանրապետութեան հռչակումից ի վեր մեր քաղաքական օրակարգի կարեւորագոյն հարցը եղել...

Միացեալ Նահանգներու Ալապամա Նահանգը  Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Ալապամա Նահանգը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Ալապամա նահանգի ղեկավար Քոյ Իվին ստորագրած է հռչակագիր մը` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ: Այս մասին կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը` շնորհակալութիւն յայտնելով նահանգապետի որոշումին համար: Յանձնախումբը յիշեցուցած է, որ այս ստորագրութեամբ Ալապաման դարձած է Միացեալ Նահանգներու` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած 49-րդ նահանգը: Միակ նահանգը, որ մինչեւ հիմա չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը, Միսիսիփին է:  

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Շնորհաւորած Է  Ղազախստանի Նոր Նախագահը`  Պաշտօնը Ստանձնելուն Առիթով

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Շնորհաւորած Է Ղազախստանի Նոր Նախագահը` Պաշտօնը Ստանձնելուն Առիթով

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորած է Քասիմ-Ժոմարտ Թոքայեւը` Ղազախստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով: «Ի սրտէ կը շնորհաւորեմ ձեզ Ղազախստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը ստանձնելու առիթով: Վստահ եմ, որ ձեր հարուստ փորձառութիւնն ու գիտելիքները լաւագոյնս պիտի ծառայեն Ղազախստանի հետագայ զարգացման եւ յառաջընթացին: Մեր ժողովուրդներուն միջեւ ջերմ բարեկամութիւնն ու փոխադարձ յարգանքը ամուր հիմք կը հանդիսանան միջպետական յարաբերութիւններու շարունակական ամրապնդման համար: Պատրաստակամութիւն կը յայտնեմ...

Զոհրապ Մնացականեան. «Ֆրանսախօս  Երկիրներու Վեհաժողովը Հայաստանի Մէջ  Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»

Զոհրապ Մնացականեան. «Ֆրանսախօս Երկիրներու Վեհաժողովը Հայաստանի Մէջ Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան նախարարութեան մէջ ելոյթ մը ունեցած է ֆրանսախօսութեան միջազգային օրուան առիթով: Նախարարը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Հայաստանի նուիրուածութեան` ֆրանսախօսութեան եւ անոր մշակոյթին մէջ ներգրաւուածութեան` մայրաքաղաք Երեւանէն մինչեւ հանրապետութեան մարզերը, նշելով յատկապէս ամէն տարուան մարտ եւ ապրիլ ամիսներու տեղի ունեցած ֆրանսախօսութեան նուիրուած ձեռնարկները: Անդրադառնալով 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովին,...

Պաապտայի Մէջ.  Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան  Միջազգային Օրուան Նշում

Պաապտայի Մէջ. Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան Միջազգային Օրուան Նշում

Նախագահական պալատին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան միջազգային օր: Ներկայ էին նախարարներ, երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ շարք մը դիւանագէտներ, որոնց շարքին` Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ: Այս առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ ֆրանսախօս ըլլալու յատկութիւնը Լիբանանի մէջ արմատացած է հինէն ի վեր եւ կը շարունակէ այդպէս մնալ մինչեւ օրս: Նախագահ Աուն հաստատեց, որ 2020-ին Լիբանանի...

«Զբօսաշրջութեան Մարզը  Վերածնունդ Պիտի Ապրի»  Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

«Զբօսաշրջութեան Մարզը Վերածնունդ Պիտի Ապրի» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ երկրին զբօսաշրջութեան մարզը ապաքինումի ընթացքին մէջ է: Ան նշեց, որ զբօսաշրջութեան մարզին ամէնէն բեղուն տարին կը նկատուի 2010-ն` ընդգծելով, որ նախորդ երկու տարիներուն ընթացքին նախարարութեան մշակած ծրագիրները, ինչպէս նաեւ կատարած ուսումնասիրութիւնները` զբօսաշրջական շուկաները ճշդելու եւ Լիբանանի մէջ տարբեր տեսակի զբօսաշրջութեան կարելիութիւններ ներկայացնելու զբօսաշրջիկներուն, ենթահող...

Ակնարկ.  Տնտեսական Դիմադրութիւն

Ակնարկ. Տնտեսական Դիմադրութիւն

Նախագահական պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահին հնչեցուցած առաջադրանքները բեկումնային շրջադարձ ստեղծելու յստակ ուղերձներ կը փոխանցեն: Տնտեսական դիմադրութեան նախաձեռնելու կոչը մարտունակութեան խորհուրդ ունի իր մէջ` կտրուկ որոշումներ կայացնելու եւ իրավիճակ փոխելու ուղղութեամբ: Դիմադրութիւնը նաեւ ճգնաժամի դիմաց հակաճգնաժամային գործողութիւններու դիմելու հայեցակարգ է, որ կ՛ընդգծէ հրամայականներ: Անյետաձգելի հրամայականներ, որոնք պէտք է կատարուին անմիջականութեամբ: Դիմադրութիւնը տակաւին, ժողովրդային ներգրաւուածութիւն կ՛ենթադրէ: Եզրոյթը առաւելաբար ձեւաւորուած է Համաշխարհային Բ....

Հաղորդագրութիւն .  Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքի  Ընտրութեան Մասին

Հաղորդագրութիւն . Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան Մասին

Հիմա, որ արդէն աւարտած է Թուրքիոյ հայոց 84-րդ պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի յուղարկաւորութիւնն ու վերջին օծման արարողութիւնը, ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդը, ցաւակցելով պատրիարքի հարազատներուն եւ հայ համայնքին, կը յայտարարէ, թէ ուշադրութեամբ պիտի հետեւի Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութեան աթոռին համար ընտրութիւններու ընթացքին, յատկապէս` Թուրքիոյ իշխանութիւններու հաւանական միջամտութիւններուն: Մութաֆեան պատրիարքի հիւանդութեան ամբողջ տեւողութեան, Թուրքիոյ իշխանութիւնները ամէն առիթ եւ կարելիութիւն օգտագործեցին պառակտելու համայնքը,...

Իտալիոյ Լացիօ Մարզը Միաձայնութեամբ  Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Իտալիոյ Լացիօ Մարզը Միաձայնութեամբ Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Իտալիոյ Լացիօ մարզի մարզային խորհուրդը 18 մարտի իր նիստին ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին ընդառաջ միաձայնութեամբ որդեգրած է Հայոց ցեղասպանութիւնը իբրեւ պատմական իրողութիւն ընդունելու մասին բանաձեւը: Այս մասին կը հաղորդէ Իտալիոյ հայ համայնքի կայքը: Բանաձեւը ներկայացուած է մարզային խորհուրդի անդամ Սերճիօ Փիրոցցիի նախաձեռնութեամբ: Փաստաթուղթին մէջ խորհուրդի անդամները իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն հայ ազգին` պատմական ճշմարտութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար մղած...

Զբօսաշրջական Յատուկ Խորհրդաժողով` Հովանաւորութեամբ Վարչապետ Հարիրիի.   Ա. Կիտանեան. «Զբօսաշրջութիւնը Կրնայ  Երկիրը Փրկել Իր Դիմագրաւած Տնտեսական Տագնապէն»

Զբօսաշրջական Յատուկ Խորհրդաժողով` Հովանաւորութեամբ Վարչապետ Հարիրիի. Ա. Կիտանեան. «Զբօսաշրջութիւնը Կրնայ Երկիրը Փրկել Իր Դիմագրաւած Տնտեսական Տագնապէն»

Հովանաւորութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, երէկ «Սի Սայտ Արենա»-ի մէջ տեղի ունեցաւ «Դէպի կայուն զարգացող զբօսաշրջութիւն» խորագիրը կրող զբօսաշրջական ազգային խորհրդաժողովը: Խորհրդաժողովին բացումը կատարեց վարչապետ Հարիրիի ներկայացուցիչ, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, որ իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ զբօսաշրջութեան նախարարութեան եւ սեփական մարզին միջեւ գործակցութեան շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ յանգիլ դէպի կայուն զարգացող զբօսաշրջութիւն: Ան բարեբախտութիւն նկատեց, որ Մըքքենզիի ծրագիրը զբօսաշրջութեան մարզը...

Արցախի Հանրապետութեան Պետական Նախարար  Գրիգորի Մարտիրոսեան Հանդիպումներ Ունեցաւ  Հայ Կաթողիկէ Ու Հայ Աւետարանական Հոգեւոր  Պետերուն Հետ Եւ Այցելեց Հայկազեան Համալսարան

Արցախի Հանրապետութեան Պետական Նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան Հանդիպումներ Ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Ու Հայ Աւետարանական Հոգեւոր Պետերուն Հետ Եւ Այցելեց Հայկազեան Համալսարան

Աշխատանքային այցելութեամբ Լիբանան գտնուած Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանն ու Արցախի Շահումեան շրջանի վարչակազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեանը` ընկերակցութեամբ  Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչի խորհրդատու Պետօ Տէմիրճեանի, հանդիպումներ ունեցան Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու...

Դաւիթ Տօնոյեան Եւ Կարմիր Խաչի  Միջազգային Կոմիտէի Պատասխանատուն  Քննարկած Են Տարբեր Հարցեր

Դաւիթ Տօնոյեան Եւ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի Պատասխանատուն Քննարկած Են Տարբեր Հարցեր

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 18 մարտին ընդունած է Հայաստանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) պատուիրակութեան ղեկավար Քլեր Մեյթրոն եւ կոմիտէի պաշտպանութեան  հարցերու բաժանմունքի ղեկավար Զուրապ Պուրտուլին` Հայաստանի մէջ վերջինիս առաքելութեան աւարտին առիթով: Բարձր գնահատելով առաքելութեան ընթացքին կատարած ծաւալուն աշխատանքը` Դաւիթ Տօնոյեան յաջողութիւն մաղթած է Զուրապ Պուրտուլիին` հետագայ գործունէութեան ընթացքին: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Հայաստանի...

«Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ» Ներդրումային  Ծրագիրներու Կազմակերպութեան 9-րդ Անդամական  Ընդհանուր Ժողով` Ներկայութեամբ Արցախի  Հանրապետութեան Պետական Նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանի

«Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ» Ներդրումային Ծրագիրներու Կազմակերպութեան 9-րդ Անդամական Ընդհանուր Ժողով` Ներկայութեամբ Արցախի Հանրապետութեան Պետական Նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանի

Կազմակերպութեամբ «Արցախ Ռուց ինվեսթմընթ» (ԱՌԻ) ներդրումային ծրագիրներու կազմակերպութեան վարչութեան, երէկ` երկուշաբթի, 18 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Մաթթօ, Այշթի Սիսայտ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ ԱՌԻ-ի 9-րդ տարեկան Անդամական ընդհանուր ժողովը` ներկայութեամբ Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութեան, գլխաւորութեամբ պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանի: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԱՌԻ-ի վարչութեան անդամ Ստեփան Տէր Պետրոսեան, որ բարի գալուստ մաղթեց Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութեան անդամներուն, որոնք անցնող 2-3 օրերուն...

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Ընդունեց  Արցախի Պատուիրակութիւնը

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Ընդունեց Արցախի Պատուիրակութիւնը

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Արցախի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, Արցախի Շահումեան շրջանի վարչական կազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան: Հանդիպումին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ լիբանանահայութեան իրականութեան: Քննարկուեցան նաեւ արցախեան վերջին իրադարձութիւնները եւ յատկապէս լիբանանահայութեան ներգրաւուածութիւնը Արցախի հզօրացման աշխատանքներուն,...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Արցախի Պետական Նախարարը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Արցախի Պետական Նախարարը

Երկուշաբթի, 18 մարտ 2019-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց աշխատանքային այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանը: Պետական նախարարին կ՛ընկերակցէր Արցախի Շահումեան շրջանի վարչակազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեանը: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, «Արցախ ռուց ինվեսթմընթ» (ԱՌԻ) ներդրումային ծրագիրներու կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Բենիամին Պչաքճեան, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան, Արցախի Հանրապետութեան...

Առաջին Հայկական Վարժարանը.  Ֆրանսական Կառավարութիւնը  Մեսրոպեանին Շնորհեց «Label CELF»

Առաջին Հայկական Վարժարանը. Ֆրանսական Կառավարութիւնը Մեսրոպեանին Շնորհեց «Label CELF»

18 մարտ 2019-ին եօթը տարուան համատեղ աշխատանքի իբրեւ արդիւնք` ֆրանսական պետութիւնը ներկայացնող Institut Français-ը Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին  շնորհեց «Label CELF»-ը (Certification des Etablissements en Langue Française), որ հեղինակաւոր վկայագիրն է վարժարանին մէջ ֆրանսերէնի ուսուցման գերազանց որակին ու մակարդակին: «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ պատմական նշանակութեան հանդիսութեան մը ընթացքին «Label CELF»-ը Մեսրոպեան վարժարանին յանձնեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի Հանրապետութեան դեսպան Պրիւնօ...

Ակնարկ. Նոր Զելանտայէն Անգարային Ուղղուած Եւ Ընկալուած Ուղերձները

Նոր Զելանտայի ահաբեկչական գործողութեան դրդապատճառներուն մասին կատարուող վերլուծականները կը կեդրոնանան ահաբեկչութիւն ընդդէմ ահաբեկչութեան ակնկալելի գործընթացի զարգացման վրայ: Այլ խօսքով` ծայրայեղականութեան դիմաց յառաջացող հակազդեցութեան նոյն  ոճի որդեգրման անհատական թէ քաղաքական մղումներուն վրայ: Համաշխարհային ներկայ հասարակարգի  դրուածքը բարդացուցած է իրավիճակը այն իմաստով, որ բնակչութիւններու շարժունակ  միտումները փոփոխութիւններու ենթարկած են ժողովրդագրական պատկերները: Աշխարհագրական միջավայրեր անվերջ կը ստանան ժողովրդագրական յարափոփոխ պատկերներ: Ժողովուրդներու տեղափոխութեան արդի...

Նոր Զելանտայի Հայ Դատի Յանձնախումբը  Կը Դատապարտէ Կատարուած Ահաբեկչութիւնը

Նոր Զելանտայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Դատապարտէ Կատարուած Ահաբեկչութիւնը

ՀՅԴ Նոր Զելանտայի Հայ դատի յանձնախումբը կը դատապարտէ Քրայսթչըրչի մզկիթներուն վրայ տեղի ունեցած յարձակումները, որոնց պատճառով 49 մարդ սպաննուած էր: Նոր Զելանտայի Հայ դատի յանձնախումբը իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշէ. «Մենք կը դատապարտենք նաեւ զինուած մեղադրեալին կողմէ հայերէնին, ինչպէս նաեւ այլ քրիստոնեայ ազգութիւններու` վրացիներու, սերպերու, ռուսերու եւ աւստրիացիներու լեզուներուն անդրադառնալու փորձը` այդ լեզուներով նշումներ կատարելով իր զէնքին վրայ, որով...

Արցախի Հանրապետութեան Մշակոյթի,  Երիտասարդութեան Հարցերու Եւ Զբօսաշրջութեան  Նախարարը Աշխատանքային Այցելութիւն Կու Տայ Աթէնք

Արցախի Հանրապետութեան Մշակոյթի, Երիտասարդութեան Հարցերու Եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարը Աշխատանքային Այցելութիւն Կու Տայ Աթէնք

  Աշխատանքային այցելութեամբ Յունաստան կը գտնուի Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան: Աթէնքի արուարձան Նէա Զմիռնիի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակին նուիրուած «Զանգակ» յուշարձանին մօտ յարգանքի տուրք մատուցելէ ետք ան ունեցած է հանդիպում Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Սթաւրոս Ցուլաքիսի  հետ: Բարեկամական անկեղծ եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քաղաքապետը` քաջատեղեակ ըլլալով Արցախի ժողովուրդին ու...

Page 502 of 797 1 … 501 502 503 … 797

Արխիւներ