Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Կողմէ Իբրեւ Ձեռքբերում Ներկայացուած Փաստերուն Արդիւնքները Ցարդ Տեսանելի Չեն

May 18, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար, ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան դիտել տուած է, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայացուցած 100 փաստերուն մէկ մասը կը մատուցանուի որպէս ձեռքբերում, սակայն անոնք գործողութիւններ են, որոնց արդիւնքները ցարդ տեսանելի չեն:

Խաչատրեան օրինակ բերած է կառավարութեան կառուցուածքի փոփոխութեան որոշումը ու ըսած, թէ ասոր արդիւնաւէտութիւնն ու վերջնական արդիւնքը տակաւին պարզ չէ. «Այնքան ատեն որ արդիւնաւէտութեան բարձրացում չենք տեսներ, չենք կրնար գնահատել այս որոշումը իբրեւ ձեռքբերում: Այսինքն` գործընթացը դեռ յաջողութիւն չէ երաշխաւորած: Քանի մը տարի կրնայ ըլլալ այնպէս ընթանայ, որ աղիտալի վիճակ տեսնենք: Իմ խորին համոզմամբ` այդ գործընթացը ետ կը դառնայ, այսինքն` գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը դարձեալ պիտի առանձնանայ»:

Արթուր Խաչատրեանի համաձայն, վարչապետին ներկայացուցած որոշ ձեռքբերումներ, առհասարակ, կապ չունին կառավարութեան գործունէութեան հետ. ան օրինակ բերած է Google Play հարթակին վրայ աշխատանքը, որ անձնական ընկերութիւններուն միջեւ է, գիրքերու վաճառքի տոկոսի բարձրացումը եւ այլն, զորս կարելի չէ առնչել կառավարութեան աշխատանքներուն:

Ինչ կը վերաբերի գիւղատնտեսութեան ոլորտին առնչուող փաստերուն, նախկին նախարարը  ըսած է, թէ չի տեսներ կառավարութեան գիւղատնտեսական քաղաքականութիւնը. «Առանձին-առանձին քայլեր կան, բայց յաջողութիւնը երաշխաւորուած չէ»:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան եւ տնտեսութեան նախարարութեան միաւորման որպէս արդիւնք, արդեօք գիւղատնտեսական ոլորտին մէջ ժխտական ընթացք նկատելի՞ է` Խաչատրեան  ըսած է, որ նման մտավախութիւն ունի. «Եթէ գիւղատնտեսութիւնը պետութեան համար գերակայ ճիւղ է, ապա պէտք է գոյութիւն ունենայ մարմին, որ այդ գերակայ քաղաքականութիւնը պիտի իրականացնէ: Ի վերջոյ, ոլորտները կը ստանան նախարարութեան կարգավիճակ` մեկնելով իրենց կարեւորութենէն: Մենք չունինք աւելի մեծ ներդրում ունեցող ոլորտ, քան գիւղատնտեսութիւնը», եզրափակած է Արթուր Խաչատրեան:

 

 

Նախորդը

Հենրիխ Մխիթարեանի Երկրպագուներուն Բողոքը Պաքուի Մէջ

Յաջորդը

Բոլորիդ Պապերն Ալ Կրնան Հայ Ըլլալ. Փայլանի Ելոյթը Մեծ Դժգոհութիւն Յառաջացուցած Է

RelatedPosts

Ակնարկ.  Երկու Տարածաշրջան,  Երկու Գլխաւոր Պետութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Երկու Տարածաշրջան, Երկու Գլխաւոր Պետութիւն

January 13, 2026
Թրամփ. «Բանակը Իրանի Վերաբերեալ  Շատ Ուժեղ Ընտրանքներ Կը Սերտէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Բանակը Իրանի Վերաբերեալ Շատ Ուժեղ Ընտրանքներ Կը Սերտէ»

January 13, 2026
Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Բողոքագիր Կը Յանձնէ Ռուսիոյ Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Բողոքագիր Կը Յանձնէ Ռուսիոյ Դեսպանին

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.