Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սֆէյր Պատրիարքին Մարմինը Յանձնուեցաւ Հողին

Մայիս 17, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռայի. «Սֆէյր Պատրիարքը Մարոնի Եկեղեցւոյ Հիմնասիւնն Է, Ինչպէս Նաեւ Լիբանանի Բ. Անկախութեան Եւ Հաշտութեան Անկրկնելի Պատրիարքը»
Ֆրանչիսկոս Պապ. «Սֆէյր Պիտի Մնայ Լիբանանի Պատմութեան Փայլուն Դէմքը»

Պքերքէ երէկ դարձաւ ժամադրավայրը հազարաւոր լիբանանցիներու, որոնք հաւաքուեցան վերջին հրաժեշտը տալու մարոնի համայնքի նախկին պատրիարք Նասրալլա Սֆէյրին:

Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Պքերքէի շրջափակին մէջ հանդիսապետութեամբ մարոնի համայնքի պատրիարք Պշարա Ռայիի:

Յուղարկաւորութեան արարողութեան ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, վարչապետ Սաատ Հարիրի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարք, այլ համայնքներու հոգեւոր պետեր, հանրապետութեան նախկին նախագահներ, նախկին վարչապետներ, մեծ թիւով նախարարներ եւ երեսփոխաններ, քաղաքական ուժերու ղեկավարներ, դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, զինուորականներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով պետական պաշտօնեաներ:

Լիբանանցի բարձրաստիճան ներկաներուն կողքին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ Լիբանան հասած

պատուիրակ կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ, արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիան, Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորի ներկայացուցիչ, դեսպանատան գործավար Ուաֆա Այթամ, Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր Սալման պըն Ապտել Ազիզի եւ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզի ներկայացուցիչ, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի, Քաթարի իշխան Թամիմ պըն Համատի ներկայացուցիչ, նախարար Ապտել Ազիզ Քաուարի, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի ներկայացուցիչ, դեսպան Աշրաֆ Տապպուր եւ Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսի ներկայացուցիչ Քրիսթինա Ռաֆթի:

Յուղարկաւորութեան ընթացքին Ռայի պատրիարքը իր քարոզին մէջ ըսաւ, թէ Սֆէյր իր ամբողջ կեանքին ընթացքին աշխատած է անցարգելները քանդել եւ ազգային միասնականութիւնը ամրապնդել:

Ան նշեց, որ Սֆէյր չձգտեցաւ պատրիարքութեան պաշտօնին, սակայն պատրիարք ընտրուելէ ետք ան պատրաստակամութեամբ կրեց Լիբանանի խաչը եւ արժանացաւ Լիբանանի փառքին:

«Սֆէյր պատրիարքը եղաւ լսող մարդ, ու շատ լսելով եւ սակաւախօսութեամբ կրցաւ լուծել հարցերը: Այդ յատկութեան համար ալ դարձաւ ազգային հաշտութեան պատրիարքը, դիմադրեց` առանց զէնքի, իսկ այսօր անոր վախճանումը Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն համար ազգային կորուստ է», հաստատեց ան:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ Սֆէյր իր լռութեան եւ համբերութեան մէջ ուսանելի օրինակ էր եւ չկոտրուող օղակ: Ան դարձաւ «Ազատութիւն, անկախութիւն, գերիշխանութիւն» կարգախօսին հեղինակը:

«Սֆէյր պատրիարքը մարոնի եկեղեցւոյ հիմնասիւնն է, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Բ. անկախութեան եւ հաշտութեան անկրկնելի պատրիարքը», եզրափակեց Ռայի պատրիարքը:

Իր կարգին, կարտինալ Սանտրի արտասանեց Ֆրանչիսկոս պապին խօսքը, որուն մէջ սրբազան քահանայապետը ցաւակցութիւն յայտնեց Սֆէյր պատրիարքի վախճանումին առիթով:

Ան շեշտեց, որ Սֆէյր ազատ եւ քաջ մարդ էր: «Ան պատրիարքական իր առաքելութիւնը կատարեց լարուած պայմաններու մէջ, սակայն մնաց նախանձախնդիր Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան: Սֆէյր պիտի մնայ Լիբանանի պատմութեան փայլուն դէմքը», յայտնեց Սանտրի:

Յուղարկաւորութեան արարողութեան աւարտին նախագահ Աուն Լիբանանեան Արժանեաց բարձրագոյն շքանշանով յետմահու պարգեւատրեց Սֆէյրը:

Համեստ դագաղի մը մէջ զետեղուած պատրիարքին մարմինը ամփոփուեցաւ Պքերքէի մէջ գտնուող պատրիարքական դամբարանին մէջ:

Նշենք, որ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ Լիբանան հասած պատուիրակ կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ նախագահեց վախճանեալ Սֆէյր պատրիարքին հոգեհանգստեան արարողութեան մը, իսկ Ռայի պատրիարքը մինչեւ կէսօրուան ժամը 1:00 ցաւակցութիւններ ընդունեց:

Յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք Ռայի պատրիարքը ցաւակցութիւններ չկրցաւ ընդունիլ:

Նշենք, որ Սֆէյր պատրիարքի վախճանման առիթով ցաւակցութիւնները պիտի շարունակուին այսօր առաւօտեան ժամը 10:30-ին եւ աւարտին երեկոյեան ժամը 6:00-ին:

Յայտնենք, որ Լոտրիան յատուկ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ ինք Լիբանան եկած է Մաքրոնի ցաւակցութիւնները փոխանցելու լիբանանեան իշխանութիւններուն եւ լիբանանցիներուն` Սֆէյր պատրիարքի նման մեծ անձնաւորութեան մը կորուստին առիթով:

Լոտրիան յայտնեց, որ Սֆէյր յանձնառու էր լիբանանեան ընկերութեան, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն ներկայութեան: «Ան ազգային անձնաւորութիւն մըն էր, որ միշտ շեշտեց Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան անհրաժեշտութիւնը: Ի վերջոյ ան նաեւ խաղաղութեան մարդ էր, որովհետեւ ան միշտ կերտած էր լիբանանեան ազգային հաշտութիւնը», շեշտեց ան:

Լոտրիան նշեց նաեւ, որ Սֆէյր պատրիարքը Ֆրանսայի բարեկամ անձնաւորութիւն էր, «եւ իբրեւ այդպիսին այսօր կը ներկայացնեմ նախագահ Մաքրոնը», ըսաւ ան:

Լոտրիան հաստատեց, որ Լիբանանի անկախութիւնը, կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը անհրաժեշտ են ու կարեւոր` աւելցնելով, որ Ֆրանսա ամէն իմաստով պիտի օժանդակէ Լիբանանին:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Լոտրիանի Հետ Քննարկեց Միջազգային Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Ներդրողներուն Համար Հայաստանը Աւելի Գրաւիչ Չի Դառնար Եկամտային Հարկի Նուազումով

RelatedPosts

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն
Գլխաւոր լուրեր

Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?