Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բոլորիդ Պապերն Ալ Կրնան Հայ Ըլլալ. Փայլանի Ելոյթը Մեծ Դժգոհութիւն Յառաջացուցած Է

Մայիս 18, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ խորհրդարանի եւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան` ելոյթ ունենալով Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, անդրադարձած է ազգային փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան: Իր խօսքին մէջ ան լուսարձակի տակ առած է Կապադովկիոյ մէջ գտնուող ժայռափոր եկեղեցիները` նշելով, որ բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ կու գան այդտեղ, որպէսզի տեսնեն այդ եկեղեցիները, սակայն թուրքերէն շատերը այնտեղի սրբապատկերները կը ջնջեն, հայհոյանքներ կը գրեն պատերուն վրայ, իսկ այս արարքներուն պատճառը այն է, որ «անոնց համար քրիստոնէութիւնը վատ բան է, կարծես այդ հողերը երբեք ալ քրիստոնեաներուն չեն պատկանած»:

Ելոյթի ընթացքին Փայլանը նաեւ յիշեցուցած է, որ օրեր առաջ Պոլսոյ քաղաքապետի ընդդիմադիր թեկնածու Էքրեմ Իմամօղլուն, գտնուելով Տրապիզոն քաղաք, մեղադրուած էր յունական արմատներ ունենալու յանցանքով: «Էսենլերի համայնքապետը Իմամօղլուն կը մեղադրէ պոնտոսցի յոյն ըլլալու մէջ: Ասիկա ակնյայտ ցեղապաշտութիւն է: 1990-ական թուականներուն, իբրեւ ուսանող սեւծովեան դաշտերով մինչեւ Արդուին գացած եմ երկու ամիս: Շատ զարմացած էի: Կիներ եւ տղամարդիկ իրարու հետ յունարէն կը խօսէին: Իսլամ մարդիկ յունարէն կը խօսէին: Այդ ժամանակ չէի գիտեր, որ իսլամացուած մարդիկ դեռ յունարէն կը խօսին: Իսկ ինչո՞ւ չէք ըսեր`  ասոր մէջ արտասովոր ի՞նչ կայ: Ինչո՞ւ իբրեւ վիրաւորանք կ՛ընդունիք, երբ ձեզի  կ՛ըսեն, որ ունիք յունական արմատներ:

«Անկէ յետոյ Համշէն գացի: Նստայ մօրուքաւոր հօրեղբայրներու հետ` սուրճ խմելու: Նկատեցի, թէ կը հասկնամ այն լեզուն, որով կը խօսին այդ մարդիկը: Գացի, ըսի` «Բարեւ ձեզ» (հայերէն): Անոնք ալ ինծի «Բարեւ ձեզ» ըսին: Սկսան հայերէն խօսիլ: Անոնք զարմացած ինծի կը հարցնեն. «Իսկ դուն ուրկէ՞ համշէներէն գիտես»: Ես ալ կ՛ըսեմ. «Պարոնա՛յք, ատիկա հայերէն է»: Կ՛ուզեմ ըսել, որ հայերու, յոյներու մէկ մասը արտաքսուած է այստեղէն, սակայն մէկ մասն ալ մնացած եւ իսլամ դարձած է: Իմամօղլուի պապն ալ կրնայ յոյն ըլլալ: Ձեր` բոլորիդ, պապերն ալ կրնան հայ, յոյն ըլլալ, ձեր բարեկամներն ալ կրնան իսլամացուած հայ, յոյն ըլլալ: Ատիկա չի կրնար իբրեւ վիրաւորանք ընկալուիլ: Հայ ըլլալն ալ, յոյն ըլլալն ալ, թուրք, քիւրտ ըլլալն ալ պատիւ է», յայտարարած  է Փայլան:

Ան նաեւ անդրադարձած է հայ երեխայի` հրապարակային դաւանափոխութեան խնդիրին` նշելով, որ ատիկա երեխայի ակնյայտ շահագործում է:

«Այս երկրի պատմութիւնը հայերն են, յոյները, թուրքերը եւ քիւրտերը», եզրափակելով ելոյթը` յայտարարած է Փայլան:

 

 

Նախորդը

Կառավարութեան Կողմէ Իբրեւ Ձեռքբերում Ներկայացուած Փաստերուն Արդիւնքները Ցարդ Տեսանելի Չեն

Յաջորդը

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Ազրպէյճան Յամառօրէն Կը Փորձէ 1993-ի Արցախի Վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Բանաձեւերը Ներկայացնել Իբրեւ Տագնապի Լուծման Իրաւական Հիմք»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?