Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բակօ Սահակեան Ու Արկադի Ղուկասեան Անձամբ Ներկայացան Դատարան Եւ Երաշխաւորեցին Քոչարեանը

Մայիս 17, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան եւ նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեան մայիս 16-ին ներկայացան Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարան եւ երաշխաւորեցին Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը` ազատութեան համար:

Դատարանը տեղեկացուց, որ  երաշխաւորողները 500 հազարական դրամ վճարած են Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի հաշուին:

Նշենք, որ դատարանը երկու նախագահներուն պարզաբանեց իրենց իրաւունքներն ու պարտականութիւնները` զգուշացնելով, որ երաշխաւորութեան համար տրուած գումարը կրնայ պետականացուիլ, եթէ մեղադրեալը ոչ պատշաճ վարքագիծ դրսեւորէ: Բացի ատկէ, դիտել տուաւ, որ այն անձը, որ կ՛երաշխաւորէ կալանքի տակ գտնուող անձ մը, պատասխանատուութիւն կը կրէ քրէական հետապնդումի ենթարկուելու առումով:

Դատական նիստին ընթացքին երկար ելոյթ ունեցաւ Ռոպերթ Քոչարեան, որ նախ դիտել տուաւ, թէ ինք ցուցմունք չէ տուած, ուստի դատաւորը տակաւին ծանօթ չէ իր տեսակէտներուն:

Ռ. Քոչարեան անդրադարձաւ 23 փետրուարէն 2 մարտ 2008-ի իրադարձութիւններուն վերաբերող տարբեր մանրամասնութիւններու, նշեց, թէ կարգ մը իրողութիւններու մասին տակաւին ինք նոր տեղեակ կ՛ըլլայ` այդ ալ դատավարութեան ընթացքին: Նախկին նախագահը յատկապէս շեշտեց, որ ինք Մոսկուա կը գտնուէր 20 փետրուարին, երբ նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան յայտարարած է, որ անակնկալ ունի, իսկ յաջորդ օրը յայտնած է, թէ հանդիպում ունեցած է պաշտպանութեան փոխնախարարներուն հետ, որոնք ըսած են, թէ կը միանան ժողովուրդին: Քոչարեան իսկոյն վերադարձած է Երեւան, հանդիպում ունեցած բարձրագոյն զինուորական ղեկավարութեան հետ եւ բացատրած, որ բանակի ներքաշուիլը կործանարար կրնայ ըլլալ, նման քայլ անթոյլատրելի է, նաեւ շեշտած է, որ ներքին քաղաքական ճգնաժամը կրնայ օգտագործուիլ հակառակորդին կողմէ, ուստի սահմաններուն մեծ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել:

Այս բոլորէն ետք դատական կազմը անցաւ խորհրդակցական սենեակ` յայտարարելով, որ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցի հարցին վերաբերեալ որոշումը պիտի հրապարակեն 18 մայիսին:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Անդամներու Հանդիպում` ՀՅԴ Մարզային Կոմիտէներուն Հետ

Յաջորդը

Հայաստանի Ու Ղազախստանի Միջեւ Գործակցութիւնը Կրնայ Խորանալ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?