Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Առցանց Բեմի Մեկնարկ – www.H-Pem.Com

Մայիս 17, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի առաքելութիւնը արդիւնաւէտ ձեւով իրագործելու նպատակով` 7-րդ Պատգամաւորական ժողովը ընդգծած էր անհրաժեշտութիւնը ստեղծելու արդիական շունչով առցանց  բեմ մը` հասնելու համար սփիւռքահայութեան, յատկապէս` երիտասարդութեան: Մանրամասն ծրագրումէ եւ գործնական աշխատանքներէ ետք, h-pem.com ը հանրութեան հասանելի դարձաւ 13 մայիս 2019-ին:

Համազգայինի առցանց բեմին թիրախն է հասնիլ սփիւռքահայ համայնքներուն, կապ եւ լեզու ստեղծել` յարաբերելու համար հայերէնէն, հայկականէն եւ հայութենէն հեռացող բազմութիւններուն հետ, մասնաւորաբար` նոր սերունդներուն հետ, զանոնք հայ մշակոյթին եւ հայութեան երթին մօտեցնելու հեռանկարով:

Առցանց բեմը կը միտի զարգացնել եւ ամրացնել սփիւռքահայ երիտասարդութիւն-հայրենիք կապը, ինչպէս նաեւ հայկական օճախներու եւ հայրենիքի երիտասարդութեան պիտի ընձեռէ կապի եւ հաղորդակցութեան միջոցներ:

Նշուած նպատակները պիտի իրագործուին մասնակցողական եւ յստակ թիրախի նպատակաուղղուած ոճով, արհեստավարժ մակարդակի ձգտումով, հայ մշակոյթը եւ ստեղծագործ հայ տիպարները արժեւորելով համամարդկային եւ համաշխարհային մշակոյթի պարունակին մէջ:

Իբրեւ գլխաւոր լեզու անգլերէնի գործածութիւնը անխուսափելի կարիք է: Պիտի հաղորդակցինք շատերուն հասկնալի անգլերէնով, որպէսզի զանոնք մօտեցնենք հայ մշակոյթին եւ հայութեան: Բեմին առաքելութիւններէն մէկը կը մնայ հայերէնը տարածել իբրեւ հաճելի եւ բոլորին կողմէ գործածելի լեզու:

H-Pem-ը պիտի ձգտի.

. ծանօթացնել հայ մշակոյթը իր հայաստանեան եւ սփիւռքեան երեսներով,

. ներկայացնել մշակութային արժէքներ, գործեր եւ նախաձեռնութիւններ,

. տրամադրել հանդիպման, վիճարկումի եւ սեփական գործեր ներկայացնելու վայր,

. իրականացնել մշակութային գործակցութիւններ եւ կենդանի սփռումներ:

H-Pem-ը համահայկական ձեռնարկ է: Համազգայինը նախաձեռնած է այս դժուար, բայց կենսական գործին` գիտակցելով անոր անյետաձգելի պահանջին, այն համոզումով, թէ գոյութիւն ունի ձուլումի ենթակայ սերունդներուն եւ հայկական արմատներու գիտակցութեամբ գոյատեւող սերունդներուն միջեւ սփիւռքահայերու խաւ մը, որուն միջոցով կարելի պիտի ըլլայ աստիճանաբար հասնիլ հայութենէ հեռացող զանգուածներուն:

Բեմին աշխարհատարած հասողութեան ձգտումը եւ առաքելութեան կարեւորութիւնը մեզի կը ներշնչէ խանդավառութիւնը կառուցելու բազմաշերտ եւ ընկալելի բեմ մը, որ դառնայ սկիզբը մշակութային  վերազարթօնքի մը, մասնաւորաբար սփիւռքի մէջ, ուր ազգային ինքնութեան կորուստը սուր կերպով կը զգացնէ  մշակութային վերածնունդի անհրաժեշտութիւնը:

Ձեզ կը  հրաւիրենք դառնալու h-pem ի հաւաքականութեան անդամները,  զայն տարածելու` ընտանեկան, բարեկամական եւ միութենական շրջանակներու մէջ, ինչպէս նաեւ` ընկերային ցանցերու վրայ, օգտագործելով հետեւեալ հասցէները:

Website: www.h-pem.com

Instagram: @hpemonline

Facebook: H-Pem կամ facebook.com/hpemonline

Twitter: @hpemonline

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Պէյրութ, 16 մայիս 2019

 

Նախորդը

«Եւրատեսիլ 2019». Հայաստանը Դուրս Մնաց Եզրափակիչ Փուլէն

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 13, 2025
Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?